Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Պատճառով. Թուրքիա Գերմանիոյ Պատուիրակութեան Արգիլած Է Այցելել Ինճիրլիք

June 24, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

incirlik_62316

«Տէօչէ Վելլէ» կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան բանբերը յայտնած է, որ Թուրքիան Գերմանիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան քարտուղարի տեղակալ Ռալֆ Պրաուքզիեփէի եւ խորհրդարանի շարք մը անդամներու չէ արտօնած յուլիսին այցելել Ինճիրլիքի ռազմակայան` Պունտեսթակի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման պատճառով:

Իբրեւ Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի Միջազգային դաշինքի անդամ` Գերմանիան Ինճիրլիքի մէջ ունի շուրջ 250 զինուոր, վեց «Թոռնետօ» տիպի հետախուզական օդանաւ եւ վառելանիւթի մատակարարման օդանաւ մը:

Գերմանիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան բանբերը «Տեր Շփիկըլ» օրաթերթին յայտնած է. «Թրքական իշխանութիւնները այս պահուս հաւանութիւն չեն տար մեկնելու ծրագիրներուն: Սակայն ատոր համար որեւէ հիմնական բացատրութիւն չէ տրուած»: Օրաթերթը կը գրէ, որ այցելութեան արտօնութիւնը մերժուած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման պատճառով:

Գերմանիոյ իշխող համախմբական դաշինքի անդամ, պաշտպանութեան նախկին նախարար Ֆրանց Եոզեֆ Եունկ Թուրքիոյ որոշումը «անհեթեթ» նկատած է: «Մեր զինուորները այնտեղ ՕԹԱՆ-ի հետ են: Անոնք նաեւ կը պաշտպանեն Թուրքիան», ըսած է Եունկ:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու այս հարցին շուրջ բացատրութիւն տալով յայտնեց. «Ռազմակայան այցելել ուզող զինուորական թեքնիք բոլոր պատուիրակութիւնները կրնան գալ, սակայն այս պահուս ոչ զինուորական եւ յատկապէս քաղաքական գործիչներու պատուիրակութիւններու Ինճիրլիք այցելութիւնը յարմար չենք գտներ: Այս է խնդիրին էութիւնը»:

 

Նախորդը

Նախագահական Ընտրութեան 41-րդ Նիստը Դարձեալ Յետաձգուեցաւ

Յաջորդը

Եւրոպական Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովը Քննադատած Է Թուրքիոյ Ժողովրդավարական Հիմնարկները Եւ Առաջարկած Է Ջնջել Ցեղասպանութեան Մասին Խօսիլ Արգիլող Յօդուածը

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.