
2015-2016 կրթական տարեշրջանի աւարտին Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանը ժողովուրդին ներկայացաւ ամավերջի հանդէսով եւ վկայականաց բաշխումով, որ տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 15 յունիս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, ներկայութեամբ վարժարանի բարերարին կնոջ եւ դուստրին, պատկան մարմիններու եւ ծնողներու:
Հանդէսին թեման հայոց դիւցազներգութեան հերոս Սասունցի Դաւիթն էր: Աւարտական կարգի աշակերտները թատերական ներկայացումով պատմեցին Սասունցի Դաւիթին հերոսութեան, անկորնչելի կամքին եւ պայքարունակ ոգիին մասին` ընդդէմ թշնամիին: Բեմայարդարումը, որ կը պատկերէր հայրենի հողը եւ Մսրայ հողը լաւապէս կը բնորոշէր օրուան թեման: Թատրոնը եւ պարերը իրարու օղակուած էին: Մանկապարտէզի աշակերտները յաջորդաբար ներկայացուցին հրեշտակներու, ջահերու, եգիպտական եւ զինուորներու պարերը: Զ. դասարանը ներկայացուց յաղթանակի պարը: Մանկապարտէզի դողդոջուն աշակերտները երգեցին «Զինուորիկն եմ» եւ «Ղարաբաղի բալիկն եմ» երգերը, իսկ նախակրթարանի երգչախումբը երգեց «Արփա- Սեւան», «Ազատ Հայաստան» եւ «Գետաշէն» խմբերգները:
Վարժարանի տնօրէն Արեգնազ Աղասարգիսեան արտասանեց տնօրէնութեան խօսքը: Ան արժեւորելէ ետք աշակերտներուն գեղեցիկ կատարումները` անդրադարձաւ օրուան թեմային` Սասունցի Դաւիթին: Ան ըսաւ, որ Սասունցի Դաւիթներ, ոչ թէ միայն վրէժ կը լուծեն թշնամիէն, այլ կը պաշտպանեն հայրենիքը, որպէսզի խաղաղ ապրի հայը իր հողին վրայ: Ապա Ա. Աղասարգիսեան յայտնեց, որ զուգահեռներ կը տեսնուի Սասունցի Դաւիթի եւ ներկայիս հայրենիքի ու Արցախի սահմանին վրայ հայրենիքի պաշտպանութեան նուիրուած եւ ծառայող զինուորին հոգեվիճակին մէջ: Ասոնք ցոյց կու տան, որ պատմութեան ընթացքին ամէն ժամանակաշրջաններուն հայ ժողովուրդը կրնայ նոր Դաւիթներ եւ հերոսներ ծնիլ, որոնք պիտի պաշտպանեն իրենց ընտանիքը, դպրոցը, ազգը, գաղութն ու հայրենիքը եւ թոյլ պիտի չտան, որ Մսրայ Մելիքներ կողոպտեն եւ կոտորեն մեզ:
Իր խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդ սրբազան հօր, Ուսումնական խորհուրդին, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ թաղականութեան, բարերարներուն եւ միութիւններուն, որոնք իրենց բարոյական եւ նիւթական ներդրումով անցնող տարեշրջանին ընթացքին սատարեցին վարժարանին: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցիչներուն, որոնք խորապէս գիտակցելով իրենց ստանձնած պարտականութեան` ծառայեցին նուիրումով եւ հաւատքով:
Ծաղիկ եւ վեցերորդ կարգերու վկայեալները բեմ բարձրանալէ ետք շրջանաւարտներուն անունով ուղերձ կարդաց վեցերորդ դասարանի աշակերտ Հուրի Օհանեան: Ան ըսաւ, որ Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանի մէջ ստացան հայեցի դաստիարակութիւն եւ կրթութիւն: Իր եւ դասընկերներուն անունով երախտագիտութիւն յայտնեց վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցչաց կազմին եւ տնօրէնութեան եւ խոստացաւ բարձր պահել վարժարանին անունը եւ փայլուն արդիւնքներով քալել դէպի ապագայ:
Ապա տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխումը, որուն ընթացքին վարժարանի տնօրէնը յայտարարեց, որ 2016-2017 տարեշրջանին «Աքսոր Գասարճեան կրթական ֆոնտ»-ին կ՛արժանանայ Հուրի Օհանեան:
Օրհնութեան խօսքը արտասանեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Ան հանդէսը նկատեց ուրախութեան առիթ` ի տես հունձքին: Ան ըսաւ, որ մենք վստահութեամբ կը նայինք հայ վարժարանին, որ իր աշխատանքով կը շարունակէ ոռոգել հայ ազգի ածուն: Ան մաղթեց, որ այս ածուն ըլլայ արգասաբեր, որովհետեւ սփիւռքեան պայմաններուն մէջ կարիքը կայ հայ վարժարանի աջակցութեան եւ անոր բարիքներով կրնայ ինքզինք նորոգել եւ ամուր հիմերու վրայ պահել: Այս ձեւով մենք ապագային կրնանք նայիլ աւելի մեծ վստահութեամբ եւ յարատեւել` համաձայն մեր ժողովուրդի իտէալներուն:
Սրբազան հայրը շնորհաւորեց բոլոր անոնք, որոնք Ազգային Աքսոր Գասարճեանի յարատեւութեան համար ըրին այն, ինչ որ հարկաւոր էր, նուիրաբերելու գիտակցութեամբ, որպէսզի հայ վարժարանը ի խնդիր մեր ամրութեան ըլլայ կանգուն: Ան ըսաւ, որ վարժարանները կ՛ուզենք տեսնել աւելի բարօր պայմաններու մէջ եւ պիտի հասնինք ցանկալի այդ իրավիճակին: Շահէ եպս. Փանոսեան մաղթեց, որ ծնողները պայծառ գիտակցութեամբ իրենց զաւակներու կրթութեան գործը վստահին հայ վարժարանին: Իր խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն` առաջնորդ սրբազանը յայտնեց, որ մնան հայ վարժարանին բարեկամը: Հայ դպրոցը շրջանաւարտներուն մէջ կը տեսնէ իր իտէալներուն շարունակութիւնը:
2015-2016 տարեշրջանի մանկապարտէզի հունձքը.
Սարին Ունանեան, Վերժինի Ղազարեան, Էլիաս Մաթթա, Միրէյ Պիթար, Աննա Մարիա Խաժի, Արման Ղազարեան, Լիւսի Ներսէսեան, Սագօ Տէր Պօղոսեան, Խաչիկ Փալասեան, Նաթալի Գէորգ:
2015-2016 տարեշրջանի նախակրթարանի հունձքը.
Ռիթա Գլաֆեան, Ալինա Արսլանեան, Մակի Տեկիրմենճեան, Հուրի Օհանեան, Էլիսա Սաֆատի, Խաչիկ Գազանճեան, Ճօուի Պուլետ, Յովսէփ Ղալունճեան, Սագօ Թաթարեան, Սերժ Սանոսեան:


