Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Աւետարանական Քոլեճի Մանկապարտէզի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

June 24, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

aved-kaghakh-(1)_61816

Կրթական տարեփակի վազվզուքին, քննութիւններու հոգին ու պէյրութեան հեղձուցիչ տապին մէջ ովասիսի տպաւորութիւն կը ստեղծեն հայկական մանկապարտէզներու հանդէսները, երբ երփներանգ տարազներով մանուկներ իրենց երգով, պարով, զաւեշտներով ու արտասանութիւններով, գէթ կարճ ժամանակի համար, թարմ շունչ կը բերեն մտահոգութիւններու տակ ճնշուած մեր կեանքին, յիշեցնելով, որ աշխարհի մէջ դեռ կայ բարութիւն, անմեղութիւն, եւ մանուկներու ժպիտին յարատեւումին համար կարելի է, պէ՛տք է մէկդի թողուլ ամէն տարակարծութիւն ու կռիւ:

18 յունիս 2016-ի երեկոյեան Հայ աւետարանական քոլեճը տօնական մթնոլորտի մէջ էր. Ծիլէն մինչեւ Ծաղիկ դասարաններու աշակերտները տարուան ընթացքին իրենց սորվածները հրամցնելու դերին մէջ էին. անոնց քառալեզու ելոյթները պարուրուած էին իւրայատուկ մանկական ինքնավստահութեամբ եւ ցոլացումն էին ուսուցչուհիներուն եւ պատասխանատուներուն տքնաջան աշխատանքին: Բազմալեզու երգերուն ընդմէջէն իւրայատուկ կը հնչէին հայերէն ժողովրդական մանկական երգեր` առհաւատչեան մեր դարաւոր մշակոյթի յարատեւումին:

Մանկական պաշտամունքով սկսած հանդիսութեան աւարտին 9 մանուկներ վկայական ստացան ձեռամբ վաստակաւոր տնօրէն դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի, իսկ Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Հրայր Չոլաքեան օրհնութեան աղօթքով եզրափակեց այս հոգեպարար պահը:

Վկայական ստացան` Ակոբճեան Էտուին, Աբրահամեան Անտրիա, Թերզեան Զոհրապ, Ինճէեան Ռազմիկ, Ղորղորեան Միրա, Մեսճեան Ռազմիկ, Միրիճանեան Ֆապիօ, Սալիպա Անիթա-Սոֆի եւ Ֆարսագուրի Ճուտի:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (24 Յունիս 1966)

Յաջորդը

Ազգային Աքսոր Գասարճեան Վարժարան Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

May 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.