Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Երկխօսութեան Նիստը Ընտրական Օրէնքի Մշակումին Գծով Ոչ Մէկ Յառաջդիմութիւն Արձանագրեց

June 22, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Hiwar---4_62116

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրին Այն Թինէի մէջ նախագահեց Ազգային երկխօսութեան 18-րդ նիստին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին երկրին վարչապետն ու լիբանանեան քաղաքական ուժերուն ներկայացուցիչները, որոնց շարքին` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:

Նիստէն բացակայեցաւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, որ ներկայացուեցաւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի կողմէ, իսկ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը ներկայացուց երեսփոխան Ղազի Արիտի:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ երկխօսութեան նախորդ նիստին ընթացքին Պըրրիի առաջադրած նախաձեռնութիւնը: Ներկաները փոխանակեցին կարծիքներ` երկրին դիմագրաւած քաղաքական տագնապը լուծելու նպատակով:

Քննարկուեցաւ նաեւ քարիւղի թղթածրարը:

Երկխօսութեան նիստէն ետք Պըրրի յայտնեց, որ եթէ 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարուին, լիբանանցիները պիտի ընդվզին եւ ուղղուին փողոց: «Իսկ այսուհետեւ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու մասին կարելի չէ մտածել», շեշտեց Պըրրի:

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ մեկնումի պահուն յայտնեց, որ Իսրայէլ չի կրնար իր ձեռքը երկարել Լիբանանի քարիւղին վրայ:

Ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս յայտնեց, որ ընտրական օրէնք մը մշակելու առումով ոչ մէկ յառաջդիմութիւն արձանագրուած է:

Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շեշտեց, որ երկրին քաղաքական տագնապին լուծման լաւագոյն ընթացագիծը ընտրական նոր օրէնքի մշակումն է:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ նիստին ընթացքին ընտրական նոր օրէնքին մասին ներկայացուցած են առաջարկ մը, որ կ՛առաջադրէ անհատական ընտրաշրջանը` վերջ տալով քաղաքական համայնքայնութեան:

Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ղազի Արիտի կոչ ուղղեց կարելի եղածին չափ արագ լուծումներու յանգելու` նախագահական եւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն իմաստով, որպէսզի աւելի ուշ երկիրը կատարուած իրողութեան դիմաց չգտնուի:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ յայտնեց, որ երկխօսութեան նիստին ընթացքին ընտրական օրէնքին մասին քննարկումները նման էին խորհրդարանական միացեալ յանձնախումբերուն ընթացքին կատարուած քննարկումներուն:

Նիստին աւարտին որոշուեցաւ, որ Ազգային երկխօսութեան յաջորդ նիստը պիտի ըլլայ եռօրեայ հանդիպումներու շարք մը, որ պիտի գումարուի 2, 3 եւ 4 օգոստոսին:

Նախորդը

Արթիւր Նազարեան Ընդունեց Դեսպան Մկրտչեանը

Յաջորդը

Ըստ Դեսպան Շարփանթիէի` Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Նոր Օրինագիծին Բնագիրը Պատրաստ Է

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.