Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Ժան Ֆրանսուա Շարփանթիէի համաձայն, Ֆրանսայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող նոր օրինագիծին բնագիրը գրեթէ պատրաստ է, «եւ յառաջիկային պիտի լսենք այդ մասին»:
21 յունիսին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին դեսպանը յայտնած է այս մասին` աւելցնելով, որ օրինագիծը միայն Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումին չի վերաբերիր, այլ նաեւ Ֆրանսայի կողմէ ճանչցուած բոլոր ցեղասպանութիւններուն:
«Այս յունուարին, Ֆրանսայի հայկական կառոյցներու համակարգող ժողովին Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ ելոյթ ունեցաւ եւ յստակօրէն ըսաւ, որ պէտք է կրկին սկսիլ ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի ընդունման հոլովոյթին: Յստակօրէն յանձնարարութիւն տուաւ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի նախկին նախագահ Ժան Փոլ Քոսթային` ձեռնամուխ ըլլալու նոր օրինագիծի մշակման աշխատանքներուն: Կ՛ենթադրեմ, որ նոր օրինագիծին բնագիրը գրեթէ պատրաստ է: Յառաջիկային մենք պիտի լսենք այս մասին», ըսած է դեսպանը:
Անդրադառնալով Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ նախագահներու փեթերսպուրկեան հանդիպման` դեսպանը «լաւ նշան» նկատած է այն, որ Սարգսեանն ու Ալիեւը սկսած են յաճախակիօրէն հանդիպիլ, նաեւ պարտաւոր են կանոնաւոր դարձնել այդ հանդիպումները եւ կը խօսին խաղաղութեան մասին: Դեսպանը աւելցուցած է, որ ԵԱՀԿ-ի ծիրին մէջ աշխատանքներ կը տարուին վստահութեան մեքանիզմներու ստեղծման ու ներդրման համար:
«Ինչ կը վերաբերի վստահութեան մեքանիզմներուն, ատիկա նախ եւ առաջ կ՛ենթադրէ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիքի իրաւասութիւններու ընդլայնում եւ շփման գիծի երկայնքով հետաքննութեան, հսկողական մեքանիզմներու տեղադրում: Այսինքն` մարդոց տեղակայում: Խօսքը խաղաղապահ ուժերու տեղակայման մասին չէ, խօսքը դիտորդներու թիւի յաւելման մասին է», յայտնած է Ֆրանսայի դեսպանը:
Ֆրանսան Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան
Համաձայնագիրի Շուտով Ստորագրումը Կ՛ակնկալէ
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ժան-Ֆրանսուա Շարփանթիէ լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին նշած է, որ Ֆրանսա կ՛ակնկալէ Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան համաձայնագիրի արագ ստորագրումը:
«Յանձնախումբին հետ բանակցային հոլովոյթները յաջող կ՛ընթանան, մենք կ՛ակնկալենք կարելի եղածին չափ շուտով ստորագրում, սակայն եկէք չաճապարենք, իրադարձութիւններէն առջեւ չանցնինք: Բանակցային հոլովոյթներուն մէջ միշտ ալ կ՛ըլլան դժուար պահեր, սակայն տակաւին մեծ խնդիրներ կարծես թէ չկան: Մեր ցանկութիւնն է տեսնել Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան աւելի ընդգրկուն, արտայայտուած համագործակցութիւնը», նշեց դեսպանը:
12 հոկտեմբեր 2015-ին Արտաքին յարաբերութիւններու խորհուրդը լիազօրեց Եւրոպական յանձնաժողովը եւ բարձր ներկայացուցիչը սկսելու բանակցութիւնները Հայաստանի հետ նոր, պարտադիր իրաւական ուժ ունեցող, համապարփակ համաձայնագիրի շուրջ, ինչպէս նաեւ տրամադրեց համապատասխան բանակցային լիազօրութիւն:
Բանակցութիւններու պաշտօնական սկիզբը տեղի ունեցաւ 7 դեկտեմբեր 2015-ին: