Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Ե. Մանուկեան Քոլեճի Սիրան Մանուկեան Մանկապարտէզի Հանդէս

June 22, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG_0100

Ուրբաթ,  3  յունիս 2016-ի  երեկոյեան   ժամը  7:00-ին,  «Սիրան Մանուկեան» հանդիսասրահի գեղեցկօրէն յարդարուած բեմը, հրաւիրատոմսն ու յայտագիրը արդէն իսկ կը յուշէին, թէ հանդէսի կեդրոնական նիւթը` «Այսօրուան գործը վաղուան մի՛ ձգեր» պատգամող Հրաչիկին «Յետոյ» պատմուածքն էր:

Կոկոն դասարանի աշակերտները հանդէսի բացումը կատարեցին` Լիբանանի, Հայաստանի ու քոլեճի քայլերգներով, իսկ Ծաղիկ դասարանէն երեք աշակերտներ կատարեցին բացման խօսքը:

Մեծ պարոններու եւ օրիորդներու արդուզարդով բեմ բարձրացան մանկամսուրի մանուկները` ուրախութեամբ լեցնելով իրենց ծնողներուն ու հարազատներուն սրտերը: Անոնք իրենց բեմական առաջին փորձառութիւնը ապրեցան` մերթ բեմէն իրենց ծնողները փնտռելով ու մերթ պարելով:

13346431_683285521820931_8922370595044691913_n

Ապա Ծաղիկ դասարանի աշակերտները ներկայացուցին  թատրոնը, ուրախ պար մը եւ արաբական պար մը, եւ յաջորդաբար բողբոջները` խամաճիկներու եւ գոյներու պարերը, իսկ կոկոնները` թիթեռնիկներու եւ մեղուներու պարը եւ «Ձիւներու մէջ» պարը, մինչ Ծաղիկ դասարանի աշակերտները մէջընդմէջ  հանդէս  եկան թատերական  պատկերներով:

Յետոյ շրջանաւարտ փոքրիկները իրենց վկայականի տարազներով ու իրենց  ձեռքին  ունենալով  դպրոցին  կողմէ  իրենց  տրամադրուած   ընտանեկան  նկարները` տողանցեցին սրահէն դէպի բեմ եւ իբրեւ շնորհակալութեան արտայայտութիւն`  այդ նկարները` տուին իրենց ծնողներուն ու  համաչափ ու ինքնավստահ շարժումներով  ներկայացուցին հայկական պար մը, հարուածային նուագարաններով ու գունաւոր երիզներով կատարեցին երկու նուագներ ու ապա երգեցին հայերէն, արաբերէն ու անգլերէն մանկական երգեր:

Ապա գործադիր մանկապարտիզպանուհի Մարալ Էքմեքճեան բեմ հրաւիրեց քոլեճի տնօրէն Զոհրապ Ղազարեանը: Տնօրէնը հանդէսի կեդրոնական նիւթին ակնարկելով` հաստատեց, որ հակառակ այն իրողութեան, որ դասին կամ գործին «յետոյ» ըսելը սփոփիչ է ու դիւրին, սակայն «հիմա»-ն աւելի ազդու է ու արդիւնաբեր:

Ան  շեշտը դրաւ մանկապարտէզի նպատակին վրայ` յստակացնելով, որ հոն աշխատանք կը տարուի պատրաստելու այնպիսի աշակերտներ, որոնք իրենց ստացած գիտութեան կողքին ունենան ստեղծագործ միտք, մտածելու կարողութիւն եւ ճիշդը սխալէն զատորոշելու կարողութիւն:

Տնօրէնը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն` իրենց գործակցութեան համար, շեշտելով, որ բոլորին միացեալ ճիգերով միայն կարելի է հասնիլ գնահատելի արդիւնքներու, եւ խօսքը եզրափակեց` ըսելով. «Մենք միասնաբար հիմը դրինք հայ անհատին. ապագայ հայ ղեկավարին, հայ գիտնականին, հայ բժիշկին, հայ արուեստագէտին, գիտակից հայ մօր ու հայ հօր: Վա՛յ այն հայուն, որ կը կորսնցնէ իր ինքնութիւնը եւ կ՛իյնայ համաշխարհայնացման ծուղակը»:

Ան շրջանաւարտ փոքրիկներուն ըսաւ, որ ուսուցիչ- աշակերտ համագործակցութեամբ կրթական իրենց երթը պիտի ըլլայ հեզասահ, ու մաղթեց, որ անոնք մօտ տասնամեակ մը ետք դարձեալ բարձրանան այս բեմը` ստանալու իրենց երկրորդականի վկայականները:

Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան խօսք առնելով հաստատեց, որ վկայուող սերունդները հայ ժողովուրդի ապագան են, եւ մաղթեց, որ անոնք աւելի բարձր վկայականներու արժանանան:

Ապա տնօրէնը, գործադիր մանկապարտիզպանուհին եւ Սարգիս քհնյ. Սարգիսեանը կատարեցին վկայականներու բաշխումը:

Մանկապարտէզի  վկայական ստացան`

Ծաղիկ 1
Եագուպեան  Սթեֆանի, Էթոյեան  Ժիւլի, Կերեքմէզեան Նարինէ, Մուրատեան  Սէրլի,  Պապիկեան  Կրէյս, Ֆստըգճեան  Մեղրի, Աճեմեան  Պարգեւ Նեքթարիոս, Էքշճեան Դրօ, Մանճիկեան  Կարէն, Մարկոսեան  Սերժ, Սալորեան  Փիթըր, Օգճեան  Քեւըն:

Ծաղիկ 2
Արմաղանեան  Միրէյ, Գալայճեան  Փաթիլ, Շամլեան  Մելինա, Սարգիսեան  Մարիան, Տէր Սարգիսեան  Քրիսթինա, Աշճեան Նարեկ, Ապաճեան Հրակ, Եղիայեան Յակոբ, Էքշճեան Սագօ, Յակոբեան  Ժագ, Պօղոսեան  Յովիկ, Սարգիս  Շահան, Սարգիսեան  Սերժիօ:

 

Նախորդը

Մեսրոպեան Վարժարանի Մանկապարտէզը Աւարտական Վկայական Յանձնեց 60 Ծաղիկներու

Յաջորդը

«Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ. Շահումեանի Շրջանը` Բախումներու Ռազմադաշտ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.