Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ախալքալաքի Երիտասարդական Կեդրոնին Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ Համօ Օհանջանեանի Անունը Կրող Մասնաշէնքին

June 20, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

akh-1_61916

18 յունիսին Ախալքալաքի Հայկական երիտասարդական կեդրոնին կողքին բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան վարչապետ Համօ Օհանջանեանի անունը կրող երկյարկանի մասնաշէնքին: Մասնաշէնքի բացման արարողութիւնը սկսաւ կեդրոնի սաներու հայկական պարերու ներքեւ: Մասնաշէնքի բացման արարողութեան ներկայ էին բազմաթիւ հիւրեր, հոգեւորականներ, մտաւորականներ եւ հասարակական գործիչներ Թիֆլիսէն, Ջաւախքի տարբեր շրջաններէն եւ Հայաստանէն: Բացման արարողութեան Ախալքալաքի տեղական իշխանութեան ներկայացուցիչներու կողքին ներկայ էին նաեւ Հայաստանէն պաշտօնեաներ:

akh-3_61916Բացման ժապաւէնը հատելէ առաջ իրենց ողջոյնի ու երախտիքի խօսքերով հանդէս եկան բազմաթիւ հիւրեր, որոնք կարեւոր նկատեցին մասնաշէնքի կառուցումը, որ պէտք է ծառայէ հայ երիտասարդներու  հայեցի կրթութեան կարեւոր առաքելութեան: Ջաւախքի օժանդակութեան խումբին անունով Բագրատ Սարգսեան խորին շնորհակալութիւն յայտնեց Թեհրանի հայ համայնքին` Համօ Օհանջանեանի մասնաշէնքի կառուցման օժանդակութեան համար: Ան  պարզաբանեց, թէ ինչո՛ւ մասնաշէնքը կը կրէ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան վարչապետ, ծնունդով ախալքալաքցի Համօ Օհանջանեանի անունը` ըսելով, որ իրենց նպատակն է երիտասարդները դաստիարակել իբրեւ ազգային գաղափարներով հայրենասէր մարդիկ:

Իրենց ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան նաեւ Ախալքալաքի շրջանային ժողովի նախագահ Համլեթ Մովսիսեան եւ Վրաստանի խորհրդարանին մէջ Ախալքալաքի պատգամաւոր Սամուէլ Պետրոսեան:

akh-2_61916

Մասնաշէնքի բացման մշակութային ներկայացումներէն եւ ողջոյնի խօսքերէն ետք մասնաշէնքի բացման ժապաւէնը հատեցին Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան եւ ՀՕՄ-ի Ջաւախքի օժանդակութեան ծրագիրներու ատենապետ Բագրատ Սարգսեան: Բացման արարողութեան յաջորդեց տնօրհնէքի արարողութիւնը:

Ախալքալաքի երիտասարդական կեդրոնի մասնաշէնքի բացման արարողութեան իրենց պարերով ու երգերով ներկայացան նաեւ Ախալցխայի ու Նինոծմինտայի երիտասարդական կեդրոններու սաները:

 

 

Նախորդը

Իբրեւ Հակազդեցութիւն Պունտեսթակի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման. Էրտողան Կը Խոստանայ Կեզիի Մէջ Վերաշինել Օսմանեան Զօրանոցը

Յաջորդը

Նախագահ Բակօ Սահակեան Փիեթ Տը Պրույնի Հետ Քննարկած Է Եխխվ-Արցախ Կապերը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.