Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բակօ Սահակեան Նախարար Մկրտչեանի Հետ Քննարկած Է Փոխադարձ Գործակցութեան Վերաբերող Հարցեր

June 18, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Pago-Levon_61716

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 17 յունիսին ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան ու գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանն ու անոր գլխաւորած պատուիրակութեան անդամները:

Այս մասին յայտնած են Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն: Քննարկուած են Արցախի մէջ գիտութեան ու կրթութեան զարգացման եւ այս մարզին մէջ երկու հայկական հանրապետութիւններուն միջեւ փոխադարձ գործակցութեան վերաբերող հարցեր: Հանդիպումին կը մասնակցէին Արցախի կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Սլավա Ասրեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր:

Անկէ ետք նախարար Մկրտչեանն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը այցելած են Լեռնային Ղարաբաղի վարչապետ Արա Յարութիւնեանին, որ շնորհակալութիւն յայտնած է հիւրերուն Շուշիի արհեստագիտութեան համալսարանի հեռանկարներն ու կրթութեան մարզի հիմնախնդիրները Արցախի մէջ քննարկելու իրենց առաջարկը ընդունելուն համար: Կարեւոր նկատելով կրթութեան դերը երկրի զարգացման առումով` վարչապետը ներկայացուցած է Արցախի մէջ իրականացուող կրթական ծրագիրները. «Եթէ յաջողինք զարգացում ապահովել կրթութեան մարզին մէջ, պիտի ունենանք ծաղկող երկիր, այլապէս` պիտի մնանք նոյն մակարդակին վրայ», ըսած է ան:

Շուշիի արհեստագիտութեան համալսարանի ստեղծումը լուսարձակի տակ առնելով` վարչապետ Յարութիւնեան յայտնած է, որ կրթական այդ բարձրագոյն կառոյցին կապուած մեծ հեռանկարներ կան, որոնց գլխաւորը հանրապետութեան մէջ մասնագիտացած եւ որակաւոր մարդուժի պատրաստութիւնն է: Այս իմաստով կառավարութեան ղեկավարը դիտել տուած է, որ կ՛ակնկալուի հայաստանցի գործընկերներուն աջակցութիւնը:

Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան վստահեցուցած է, որ պատրաստ են աջակցելու Արցախի մէջ իրականացուող կրթութեան զարգացման բոլոր նախաձեռնութիւններուն: Ներկայացնելով Հայաստանի կրթութեան մարզի հիմնախնդիրները` Լ. Մկրտչեան նշած է, որ կը պատրաստուին լուրջ բարեփոխումներ իրականացնելու այդ մարզին մէջ` կրթական համակարգի ձեւին ու բովանդակութեան համապատասխանեցման ուղղութեամբ:

 

Նախորդը

Հայաստան Թուրքիոյ Կոչ Ուղղած Է Կանխելու Ահաբեկիչներու Կողմէ Իր Տարածքին Օգտագործումը

Յաջորդը

Բագրատունի Ընդունեց Քանատական Եւ Գերմանական Պատուիրակութիւններ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.