
Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Ժոզէ Մանուէլ Պարոզօ երեքշաբթի օր Պրիւքսելի մէջ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութիւնը կ՛աջակցի ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման` ուժի եւ ուժի սպառնալիքի չկիրարկման, տարածքային ամբողջականութեան եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ:
«Մեզ տակաւին լրջօրէն կը մտահոգեն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ շփման գիծին վրայ շարունակուող զինեալ միջադէպերը եւ շրջանի յարաճուն զինուորականացումը», ըսած է Պարոզօ:
Ըստ անոր, ղարաբաղեան տագնապի շարունակումը շրջանի զարգացման համար լուրջ խոչընդոտ է: «Եւրոպական Միութիւնը իր լիակատար աջակցութիւնը կը յայտնէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին եւ պիտի շարունակէ խթանել շրջանային համագործակցութիւնն ու բարի դրացիական յարաբերութիւնները` Արեւելեան գործընկերութեան ծրագիրի բազմակողմ հիմքին վրայ», ըսած է ան` աւելցնելով, որ Եւրոպական Միութիւնը կ՛աջակցի նաեւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին: «Մենք կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք շարունակելու այդ պատմական հոլովոյթը: Համոզուած եմ, որ ապագային երկխօսութեան նոր կարելիութիւններ պիտի ըլլան», ըսած է Պարոզօ:


