Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլի Մէջ Կ՛ուզեն Օրէնքի Ուժով Դադրեցնել Զէնքի Վաճառքը Բռնութիւն Կիրարկողներուն

June 17, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Eitan_61616

«Արմէնփրես»` վկայակոչելով իսրայէլեան «Տը Թայմզ աֆ Իզրայէլ» թերթը կը հաղորդէ, որ Քնեսեթի անդամներ կը պատրաստեն նոր օրինագիծ մը, որուն համաձայն, պիտի դադրեցուի զէնքի վաճառքը ամբողջ աշխարհի տարածքին բոլոր անոնց, որոնք մարդու իրաւունքները լայնածաւալ կերպով կը խախտեն: Առաջարկը հաւանութեան պիտի արժանանայ Քնեսեթի 10-էն 7 կուսակցութիւններու, ներառեալ` երկրի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի ղեկավարած Լիքուտ կուսակցութենէն 18 անդամներու կողմէ:

Օրինագիծը բարեփոխուած տարբերակն է արդէն գոյութիւն ունեցող օրէնքին, որ  պաշտպանութեան նախարարութենէն կը պահանջէր մերժել մարդու իրաւունքները խախտողներուն սպառազինութիւն վաճառող իսրայէլեան ընկերութիւններու արտածման արտօնագիրի տրամադրումը:

Տասնամեակներու ընթացքին Իսրայէլ մեղադրուած է ամբողջ աշխարհի մէջ մարդու իրաւունքները խախտողներուն զէնք վաճառելու յանցանքով, ներառեալ նաեւ 90-ականներուն Ռուանտայի ցեղասպանութեան ընթացքին: Վերջերս Իսրայէլ մեղադրուեցաւ նաեւ Հարաւային Սուտանին առաջնակարգ զինամթերք եւ դասընթացքներ տրամադրելու յանցանքով:

Իսրայէլի այժմու օրէնքը կտրուկ կերպով չ՛արգիլեր զէնքի վաճառքը մարդու իրաւունքները խախտողներուն, եւ 2015-ին «Մերեց» կուսակցութեան երեսփոխան Թամար Զանտպերկ եւ կուսակցութեան ղեկավար Զեհաւա Կալոն առաջարկած էին օրինագիծ մը, որուն համաձայն, պետութիւնը պիտի դադրեցնէր զէնքի վաճառքը այն երկիրներուն, որոնք գործած են լայնածաւալ խախտումներ, ինչպիսիք են տանջամահ ընելը, անմարդկային պատիժը, առեւանգումը, բռնաբարութիւնը քաղաքական, ազգային, կրօնական ենթահողի վրայ: Քննարկուող այժմու առաջարկը ունի մօտաւորապէս նոյն բովանդակութիւնը:

Ապրիլեան պատերազմի ընթացքին Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ լայնօրէն քննարկուեցաւ եւ դատապարտուեցաւ Իսրայէլի կողմէ նաեւ Ազրպէյճանին զինամթերք վաճառելու փաստը:

 

 

Նախորդը

Բրիտանացի Երեսփոխան Մը Սպաննուեցաւ

Յաջորդը

Ազրպէյճանական Ստորաբաժիններ Կը Մասնակցին Թուրքիոյ Մէջ Տեղի Ունենալիք Ռազմափորձերուն

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.