Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներ Եւ Հայաստան Կ՛ամրապնդեն Գործակցութիւնը` Հիւլէական Մաքսանենգութեան Պայքարին Մէջ

June 14, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Atom_61316

13 յունիսին Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի կառավարութիւններու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է Հիւլէական ու շողագործօն նիւթերու մաքսանենգութեան դէմ պայքարի ծիրին մէջ երկու կողմերուն միջեւ 2008-ին ստորագրուած գործողութիւններու միացեալ ծրագիրի հերթական վերանայումը:

Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան մամլոյ ծառայութիւնը:

Հիւլէական ու շողագործօն նիւթերու մաքսանենգութեամբ տեղափոխման  դէպքերը աշխարհի տարբեր վայրերուն մէջ լուսարձակի տակ կ՛առնուին, շեշտը կը դրուի մանաւանդ համակարգուած միջազգային ջանքերուն վրայ, որպէսզի այս վտանգաւոր նիւթերը պէտք եղածին պէս պահպանուին եւ ահաբեկիչներու ու չարագործներու ձեռքը չհասնին, որովհետեւ վերջինները կրնան այդ նիւթերը օգտագործել ոչ փափաքելի նպատակներով: Այս ծիրին մէջ Հայաստանն ու Միացեալ Նահանգները արդէն բաւական երկար ատենէ կը գործակցին: Բացի ատկէ, Հայաստան հիւլէական անվտանգութեան աստիճանի բարձրացման ու հիւլէական նիւթերու տարածման դէմ պայքարին մէջ միջազգային հանրութեան կարեւոր ու աշխուժ դերակատարներէն է:

«Մենք կը գործակցինք, որպէսզի կատարելագործուին հիւլէական մաքսանենգութեան միջադէպերու քննութեան կարողութիւնները Հայաստանի մէջ եւ հետամուտ ըլլանք հիւլէական նիւթերու տարածման դէմ պայքարելու իմաստով մեր ընդհանուր յանձնառութեան յարգման», յայտնած է Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլզ, որ այս հանդիպումին կը գլխաւորէր ամերիկեան պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին արտաքին գործոց նախարարութեան Միջազգային անվտանգութեան ու այս նիւթերու տարածման դէմ հարցերով զբաղող գրասենեակի Ուաշինկթընի մասնագէտներ:

«Այս վերանայումը կը փաստէ Հայաստանի յանձնառութիւնը իր կողմէ տնօրինուող հիւլէական նիւթերու նկատմամբ պատշաճ հսկողութիւն ապահովելու եւ երկրի սահմաններով հիւլէական մաքսանենգութիւնը կանխելու ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքներու շարունակման հարցերուն մէջ», յայտնած է դեսպանը:

Հայկական պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան Միջազգային անվտանգութեան վարչութեան պետ Գագիկ Յովհաննիսեան, իսկ պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ներկայացուցիչներ արտաքին գործոց եւ ուժանիւթի նախարարութիւններէն, Ազգային անվտանգութեան ծառայութենէն, Հայաստանի սահմանային անվտանգութեան, մաքսային եւ հիւլէական կարգաւորման ոլորտի պետական կառոյցներէն: Կը մասնակցէին նաեւ մասնագէտներ` երկրի հիւլէական կայանը օգտագործող ընկերութենէն:

Մէկ ամբողջ օր տեւած հանդիպումներու աւարտին Միացեալ Նահանգներն ու Հայաստանը վերահաստատած են այս ուղղութեամբ աշխատանքները շարունակելու իրենց յանձնառութիւնը եւ ճշդած հետագայ համագործակցութեան հաւանական ուղիները:

 

 

Նախորդը

Սպիտակ Տունը` Լեռնային Ղարաբաղի Կարգավիճակի, Սարսանգի Եւ Անվտանգութեան Գօտիի Մասին

Յաջորդը

Պաշտօնական Դիրքի Չարաշահման Համար Ձերբակալուած Են Հայաստանի Առողջապահութեան Նախարարութեան Պաշտօնեաներ

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.