Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հալէպահայ Նահատակ, Նուիրեալ Դաշնակցական Րաֆֆի Պչաքճեանի Մարմինը Հողին Յանձնուեցաւ

June 13, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

hal-13

Շաբաթ, 11 յունիսի, յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հալէպահայ նահատակ, Հալէպի հայկական թաղամասերու ինքնապաշտպանութեան դաշնակցական ղեկավար Րաֆֆի Պչաքճեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը:

Արարողութիւնը յանուն Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդին գլխաւորեց Յուսիկ Ա. քհնյ. Սեդրակեան: Յուղարկաւորութեան ներկայ էին  Հալէպի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Տիգրան Գէորգեան, Հայ աւետարանական համայնքի համայնքապետ վեր. Յարութիւն Սելիմեան, պատկան մարմինի, Ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչներ, նահատակ հայորդիին  ընտանեկան պարագաները, սուրիական բանակի բարձրաստիճան պատասխանատուներ, հայկական թաղամասերու ինքնապաշտպանութեան նուիրեալ հայ տղաքը, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը, արի-արենուշներն ու հանգուցեալին հարազատներն ու գաղափարակից ընկերները:

Յուսիկ Ա. քհնյ. Սեդրակեան նախ կարդաց Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի Անթիլիասէն յղած ցաւակցական նամակը (տեսնել` 3-րդ էջով), ապա իր սրտի խօսքը արտասանեց` լուսարձակի տակ առնելով նահատակ հայորդիին գաղափարական նուիրումը, յանուն հայկական թաղամասերու ինքնապաշտպանութեան իր անձնուրաց կեանքն ու դաշնակցականի ուխտին հաւատարիմ ծառայութիւնը:

Այնուհետեւ «Վէրքերով լի» երգով նահատակին գաղափարակից ընկերները դագաղը ուսամբարձ եկեղեցիէն դուրս բերին:

Յետ թաղմանական արարողութեան արաբերէնով հանգուցեալին դամբանականը արտասանեց Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի տնօրէն Յակոբ Քիլէճեան, իսկ հայերէնով` Հայկազ Ասատուրեան:

Սուրիական բանակի բարձրաստիճան սպայի մը կողմէ վեր առնուեցաւ նահատակ հայորդիին խիզախ ու տիպար կեանքն ու հաւատարմութիւնը:

Այնուհետեւ ներկաները իրենց ցաւակցութիւնը յայտնեցին նահատակ հայորդիին ընտանեկան պարագաներուն եւ գաղափարակից ընկերներուն:

Տեղին է նշել, որ Րաֆֆի Պչաքճեանի նահատակութան առիթով  ցաւակցական նամակներ յղուած են աշխարհի չորս ծագերուն  գործող դաշնակցական մարմիններու եւ պատասխանատու անձնաւորութիւններու կողմէ:

 

 

Նախորդը

Ցաւակցագիր

Յաջորդը

Իրաքեան Ուժերը Մուտք Գործեցին Ֆալուժա

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.