Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Բակօ Սահակեան Հանդիպում Կ՛ունենայ Պրիւքսէլի Անձնաւորութիւններուն Հետ

June 11, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

100616FrankofonKhorhrdaran

Պրիւքսէլ գտնուող Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան շարունակած է իր այցելութիւնները, տեսակցութիւն ունեցած է պաշտօնական անձնաւորութիւններու  հետ:

Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան 10 յունիսին Պրիւքսէլի ֆրանսախօս խորհրդարանին մէջ հանդիպում ունեցած է խումբ մը երեսփոխաններու հետ` խորհրդարանի նախագահ Ժուլի տը Քրոտի գլխաւորութեամբ: Քննարկումի նիւթ դարձած են Արցախի եւ ֆրանսախօս խորհրդարանին միջեւ կապերու զարգացման վերաբերող հարցեր: Նախագահ Սահակեան դիտել տուած է, որ Արցախի մէջ յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնեն տարբեր պետութիւններու կառոյցներուն հետ փոխադարձ գործակցութեան` ատիկա նկատելով երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման կարեւոր եւ արդիւնաւէտ ուղղութիւն:

IMG_3867

Բակօ Սահակեան նոյն օրը այցելած է նաեւ Պելճիքայի Մեխելեն քաղաք, ուր հանդիպում ունեցած է քաղաքապետ Պարթ Զոմերսի, փոխքաղաքապետ Մարք Հենտրիքսի եւ այլ պաշտօնատարներու հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Մեխելենի եւ Ղարաբաղի փոխադարձ գործակցութեան առնչուող հարցեր:

Նախագահ Սահակեան նշած է, որ արցախեան եւ տարբեր երկիրներու քաղաքներուն ու շրջաններուն միջեւ կապերու հաստատումն ու զարգացումը երկկողմանի համագործակցութեան առանցքային ուղղութիւններէն մէկն է, յատկապէս` տնտեսական, մշակութային, գիտակրթական եւ մարդասիրական մարզերուն մէջ:

Լեռնային Ղարաբաղի նախագահին ի պատիւ Մեխելենի քաղաքապետարանին մէջ կազմակերպուած է պաշտօնական ընդունելութիւն, որուն մասնակցած են նաեւ շարք մը հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:

1006

Նախագահ Սահակեան նաեւ այցելած է Մեխելեն քաղաքին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած խաչքար-յուշարձան եւ ծաղկեպսակ զետեղած:

Նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատած է նման յուշարձաններու առկայութիւնը տարբեր երկիրներու մէջ` լուսարձակի տակ առնելով անոնց դերակատարութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան մասին իրազեկման եւ անմեղ զոհերու յիշատակի յաւերժացման իմաստով:

Նախորդը

«Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւնները Կարեւոր Կը Նկատենք Եւ Աշխուժ Կերպով Պիտի Մասնակցինք» Ըսաւ Աղուան Վարդանեան

Յաջորդը

Քրեմլին Աշխատանք Կը Տանի Յաջողցնելու Հայաստանի, Ազրպէյճանի Եւ Ռուսիոյ Նախագահներուն Հանդիպումը

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.