Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քրեմլին Աշխատանք Կը Տանի Յաջողցնելու Հայաստանի, Ազրպէյճանի Եւ Ռուսիոյ Նախագահներուն Հանդիպումը

Յունիս 11, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

sargsian_Putin_Aliyev_61016

Քրեմլին կը հաստատէ, որ նախապատրաստական աշխատանքներ կը տարուին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ հանդիպում կայացնելու համար:

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով լրագրողներուն յայտնած է, որ չէ բացառուած հանդիպումին կայացումը, իրենք այս առնչութեամբ աշխատանք կը տանին: Ան դիտել տուած է, որ հաստատուելու պարագային, իրենք պաշտօնական տեղեկութիւն պիտի տրամադրեն:

«Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրները, հաղորդած է, որ եռակողմի վեհաժողովը` Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հանդիպումը ծրագրուած է կայացնել յունիսի աւարտին, Ս. Փեթերսպուրկի մէջ:

Ռուսիոյ մէջ Ազրպէյճանի դեսպան Փոլատ Պիւլպիւլօղլու ըսած է, թէ Պաքու մեծ կարեւորութիւն կու տայ Ազրպէյճանի ու Հայաստանի նախագահներուն հաւանական հանդիպման:

«Ինթըրֆաքս-ազերպայճան» գործակալութեան համաձայն, Պիւլպիւլօղլու նշած է. «Կը կարծեմ, թէ յունիսին հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ: Մեզի համար ատիկա շատ կարեւոր է, որովհետեւ, ինչպէս կ՛ակնկալուի, այդ հանդիպման պէտք է ճշդուին այն ուղենիշները, որոնցմով պիտի ընթանայ ղարաբաղեան տագնապի լուծման հետագայ զարգացումը»:

Միեւնոյն ատեն ան յայտարարած է, թէ Ղարաբաղի մէջ սթաթիւս քոյի պահպանումը անընդունելի է, եւ անիկա փոփոխութիւններու կարիք ունի:

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահը հաստատած է, որ ղարաբաղեան հարցով հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ յունիսի վերջին:

«Հակառակ անոր որ մենք ներկայիս չունինք հանդիպման մանրամասնութիւնները, բայց կրնանք հաստատել, որ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ յունիսի աւարտին», «Թրենտ»-ին ըսած է Ճէյմս Ուորլիք:

Համանախագահը յոյս յայտնած է, որ կողմերը շարունակեն քննարկել Վիեննայի մէջ մայիսին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները:

 

 

Նախորդը

Նախագահ Բակօ Սահակեան Հանդիպում Կ՛ունենայ Պրիւքսէլի Անձնաւորութիւններուն Հետ

Յաջորդը

Հալէպի Մէջ Նահատակուեցաւ Րաֆֆի Պչաքճեան

RelatedPosts

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին
Գլխաւոր լուրեր

Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին

Հոկտեմբեր 22, 2025
Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?