Ազգային ժողովի Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան խմբակցութեան պատգամաւոր Միքայէլ Մելքումեան յայտարարած է, որ կուսակցութիւնը կը պատրաստուի մասնակցիլ Գիւմրիի եւ Վանաձորի մէջ աւագանիի յառաջիկայ ընտրութիւններուն:
«Այո՛, մենք կը պատրաստուինք մասնակցիլ Գիւմրիի եւ Վանաձորի յառաջիկայ ընտրութիւններուն: Յատկապէս Գիւմրիի մէջ մենք ունինք շատ ուժեղ տարածքային կառոյց եւ կը պատրաստուինք մասնակցիլ ինչպէս Գիւմրիի, այնպէս ալ Վանաձորի ընտրութիւններուն», նշած է Մ. Մելքումեան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ որո՛ւ թեկնածութիւնը պիտի առաջադրուի տեղական ինքնակառավարման մարմիններու յառաջիկայ ընտրութիւններուն` Մելքումեան ըսած է, որ այդ մասին տակաւին որոշում չէ տրուած:
Գիւմրիի եւ Վանաձորի մէջ աւագանիի ընտրութիւններուն մասնակցելու մասին յայտարարած է նաեւ Դաշնակցութիւնը: ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան նշած է, որ իրենք կարեւոր կը նկատեն այս ընտրութիւնները եւ պատրաստ են աշխուժ կերպով մասնակցելու անոնց: Դաշնակցութիւնը եւս տակաւին չէ որոշած, թէ որո՛ւ թեկնածութիւնը պիտի պաշտպանէ, սակայն Վարդանեան նկատել տուած է, որ իրեն համար աւելի կարեւոր է, որ համայնքին ղեկավարը ըլլայ սրտցաւ, ազնիւ, համայնքին մասին մտածող անձնաւորութիւն, եւ ոչ թէ անպայման կուսակցական:
Նշենք, որ Գիւմրիի եւ Վանաձորի մէջ աւագանիի ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան սեպտեմբեր 2016-ին: Առաջին անգամ ըլլալով այս քաղաքներուն մէջ ընտրութիւնները պիտի կատարուին համամասնական ընտրակարգով:


