ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր սիրոյ զգացումները արտայայտեցէք ճիշդ անձին: Կը զգաք, որ թեթեւ անհասկացողութիւն մը կայ ձեր շուրջը:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Տան մէջ վէճ մը պիտի ծագի երկու սերունդներու միջեւ` մեծերու եւ փոքրերու: Դուք պէտք է ըլլաք իրաւարարը եւ կարգադրէք հարցը:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Դուք առիթը պիտի ունենաք հեռանալու ձեր միջավայրէն` հանգստանալու համար ուրիշ տեղ մը: Գոհ պիտի մնաք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Մի՛ սպառէք ձեր դրամը, որ արդէն ձեր գրպանին մէջը չէ: Մսխումը ձեզ շատ նեղ դրութեան մէջ պիտի դնէ: Ուշադի՛ր եղէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր արտաքին տեսքը խնամեցէք: Ասիկա արդէն աշխատանքին կէսն է, երբ պիտի տեսակցիք անձի մը հետ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Խոցելի առողջութիւն մը ունիք: Պէտք է բծախնդրօրէն հետեւիք բժիշկին խրատներուն:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Եթէ բարեկամներու հետ տօնական օր մը անցընէք, ծայրայեղութենէ հեռու կեցէք, կրնաք զուարճանալ առանց դուք ձեզ խորտակելու…
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Շաբաթը պիտի վերջանայ` մտածելով ձեր գործը փոխելու մասին: Ա՛յս մասին շատ կը մտածէք, ինչ որ օգտակար չէ: Քիչ մը համբերեցէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Եթէ օրուան հարցերը ձեզ զզուեցնեն, երկար շունչ մը առէք: Օրը ունի կարգադրելիք գործեր, մի՛ յետաձգէք, որովհետեւ վաղը այլ ընելիքներ ունիք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Շաբաթը պիտի վերջանայ ժխտական բնոյթով: Ձեր ժխտական կեցուածքը պիտի նեղացնէ ձեր շուրջինները:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ամէն գնով իրաւունք ունենալնիդ մի՛ պնդէք. եթէ ձեր խօսակիցը նոյն վիճակի մէջ է: Չափազանցութեան մի՛ երթաք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Անօգուտ է շաբաթավերջէն առաջ ձեր գործերը աւարտելու ճիգը. դուք ձեզի ճնշումի տակ մի՛ դնէք, հանդարտ աշխատեցէք: Ուրեմն պէտք է սպասէք յաջորդ օրուան:
