
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրով պետական այցելութեամբ Հայաստան կը գտնուի Չեխիոյ նախագահ Միլոշ Զեման, որ 8 յունիսին նախագահ Սարգսեանի հետ ունեցած է հայ-չեխական բարձր մակարդակի բանակցութիւններ, որոնց աւարտին անոնք տուած են մամլոյ միացեալ ասուլիս:
Նախ նախագահները ունեցած են դռնփակ նիստ, որմէ ետք տեղի ունեցած է ընդլայնուած կազմով հանդիպում` երկու երկիրներու պաշտօնական պատուիրակութիւններուն մասնակցութեամբ: Բանակցութիւններու աւարտին նախագահներ Սարգսեանն ու Զեմանը այս այցելութեան առիթով ստորագրած են «Յուշագիր` Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Չեխիոյ Հանրապետութեան երկկողմանի յարաբերութիւններուն վերաբերեալ»:
Հանդիպումէն ետք տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է արցախեան տագնապին նկատմամբ Չեխիոյ կեցուածքին, Չեխիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման անհրաժեշտութեան, ինչպէս նաեւ հայ-չեխական յարաբերութիւններուն:
Նախագահ Սարգսեան Չեխիոյ իր պաշտօնակիցին փոխանցած է իր մտահոգութիւնը վերջին օրերուն Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի անհաւասարակշիռ վարքագիծին վերաբերեալ` դիտել տալով, որ վերջինիս նշանները կարծես առկայ չեն եղած Վիեննայի մէջ: «Մասնաւորապէս, «Աշխարհի ազրպէյճանցիներուն չորրորդ համաժողով» անունը կրող ձեռնարկին ժամանակ հնչած անոր ելոյթը` Հայաստան պետութեան մասին շնական որակումներով, անձնական վիրաւորանքներով երկրի նախագահին հանդէպ, որուն հետ, ի միջի այլոց, օրեր անց ինք կը պատրաստուի հարցեր քննարկել, պատմութիւնը զաւեշտի վերածած ինչ որ միտքերով: Ես յոյս ունիմ, որ ասիկա ժամանակաւոր խնդիր է, տղայութիւն է եւ արագ կ՛անցնի, քանի որ մենք լրջօրէն պիտի աշխատինք, պարտաւորութիւն ունինք յառաջիկային համար: Եւ յոյս ունիմ, որ ասիկա Վիեննայի պայմանաւորուածութիւնները վիժեցնելուն միտուած գիտակցուած վարքագիծ չէ», նշած է Հայաստանի նախագահը:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է Չեխիոյ` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին մէջ Եւրոպական Միութեան ընդհանուր դիրքորոշման համահունչ կեցուածք որդեգրելուն եւ Մինսքի խմբակի համանախագահներու ջանքերուն լիակատար աջակցութիւն ցուցաբերելուն համար: Նախագահ Սարգսեանի համաձայն, ինք ու Չեխիոյ իր պաշտօնակիցը կարեւոր նկատած են Վիեննայի մէջ, ինչպէս նաեւ նախապէս ձեռքբերուած համաձայնութիւններու գործադրութիւնը` դիտել տալով, որ այդ քայլերու անշեղ իրագործումը այն նուազագոյն շեմն է, որ կարելիութիւն կու տայ ճամբայ հարթելու դէպի կառուցողական, եւ որ կարեւորագոյնն է, արդիւնքի միտող բանակցութիւններ:
Չեխիոյ նախագահ Միլոշ Զեման իր կարգին յայտնած է, որ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը կրնան խաղաղութեան հասնիլ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի հարցին մէջ: «Ես վերջերս այցելեցի Ազրպէյճան, եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին վերաբերեալ իմ դիրքորոշումս կը մնայ նոյնը` անկախ անկէ, թէ ո՛ր երկրին մէջ կը գտնուիմ: Ես երկու նախագահներուն յիշեցուցած եմ Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ օրինակը, երբ այդ երկիրները իրարու հետ երկար տարիներ պատերազմներ մղած են, բայց աւարտին երկու նախագահները կրցած են կնքել համաձայնագիր եւ աւարտել պատերազմական գործողութիւնները: Սերժ Սարգսեանն ու Իլհամ Ալիեւը փայլուն անձնաւորութիւններ են, եւ կրնան հետեւիլ այդ օրինակին եւ խաղաղութիւն կնքել», նշած է Զեման: Ան աւելցուցած է, որ Հայաստանի նախագահին հետ բանակցութիւններուն ընթացքին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն առաջարկած է հանդիպում կազմակերպել Չեխիոյ մէջ` նկատի առնելով այն, որ 2002-ին եւ 2005-ին նման նախաձեռնութիւն արդէն եղած է:
Նախագահ Զեման նաեւ անդրադարձած է Չեխիոյ խորհրդարանին` Գերմանիոյ խորհրդարանի օրինակին հետեւելու եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտելու հարցով: «Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ իմ դիրքորոշումս յայտնած եմ 2014-ին` Հայաստանի նախագահ Սարգսեանի Չեխիա տուած այցելութեան ընթացքին: Նացիական Գերմանիոյ յաղթանակի պարագային իմ ժողովուրդս եւս կրնար նման տառապանքներ կրել, պատմութիւնը կրնայ կրկնուիլ: Ես գիտեմ, որ Ցեղասպանութիւնը դատապարտած են Եւրոպական Միութեան 10 երկիրներ, ոչ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներէն կարելի է նշել Ռուսիան եւ Քանատան: Իբրեւ այս յայտարարութեան յաջորդող քայլ, ես պիտի դիմեմ Չեխիոյ խորհրդարանին, որպէսզի անոնք հետեւին Գերմանիոյ օրինակին եւ հանդէս գան նման յայտարարութեամբ», յայտնած է Զեման:
Անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի ու Չեխիոյ միջեւ առեւտրական եւ տնտեսական կապերուն. Չեխիոյ նախագահը դիտել տուած է, որ այս յարաբերութիւնները զարգացնելու ուղղութեամբ պէտք է աշխատին ո՛չ միայն քաղաքական գործիչները, այլ նաեւ գործարարները: Ան երկկողմանի առեւտրական շրջանառութեան ծաւալները անբաւարար նկատած է եւ նշած, որ այս մարզը բարելաւելու համար իրեն հետ բերած է չեխ յաջողած գործարարներ: Զեմանի համաձայն, Չեխիան Հայաստանին կրնայ առաջարկել աւանդական նկատուող, ինչպէս նաեւ նոր արտադրուած ապրանքներ: «Ես կը սիրեմ այն կարգախօսը, որ կ՛ըսէ, թէ հաճելի է խնձոր սպառելը, բայց շատ աւելի լաւ է տնկել խնձորի ծառ: Մեր ներդրումը նման է խոր արմատներով ծառին, որ բարեկամութեան արմատներ պէտք է նետէ հիման վրայ փոխշահաւէտ ռազմավարութեան, զոր կարելի չէ պատահական ընտրութիւններով ընդհատել: Պէտք է մշակել եւ գործադրել երկարաժամկէտ տնտեսական համագործակցութիւն», շեշտած է Զեման:

Նոյն օրը առաւօտեան Չեխիոյ նախագահը այցելած էր Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, ուր ծաղկեպսակ զետեղած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշարձանին առջեւ եւ յարգանքի տուրք մատուցած մէկուկէս միլիոն զոհերու յիշատակին: Չեխիոյ նախագահը նաեւ եղեւնի տնկած է յուշահամալիրի Յիշողութեան պուրակին մէջ, ինչպէս նաեւ գրառում կատարած թանգարան-հիմնարկի պատուոյ հիւրերու գիրքին մէջ: Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանի համաձայն, «Խորին յարգանքով` Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին» գրած է Չեխիոյ նախագահը եւ ըսած, որ ոչ իսկ վայրկեան մը վարանած է իր գրութեան մէջ Ցեղասպանութիւն եզրը օգտագործելու:
Չեխիոյ Երեսփոխաններուն Աւելի Քան 90 Առ Հարիւրը
Կը Զօրակցին Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման
Չեխիոյ «Օրեր» եւրոպական անկախ ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Ասատրեան «Արմէնփրես»-ին յայտնած է, որ չեխական մամուլը երեսփոխաններու մօտ կատարած է հարցախոյզ մը, որուն մասնակից երեսփոխաններուն 90 առ հարիւրէն աւելին զօրակցած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման:
«Հարցախոյզին մասնակցած են թէ՛ իշխող, թէ՛ ընդդիմադիր կուսակցութիւններէն: Անոնք ըսած են, որ 1915-ին կատարուածը ցեղասպանութիւն է, եւ պէտք է այդ մէկը ընդունուի», ըսած է ան:
«Կը կարծեմ, որ տեսնելով հասարակական կարծիքի բուռն արձագանգը, Չեխիոյ նախագահի, ինչպէս նաեւ միւս քաղաքական ուժերու աջակցութիւնը, ամէն պարագայի յառաջընթաց պիտի ըլլայ», նշած է ան` աւելցնելով, որ կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդը` Փրակայի Տոմինիք Տուքա արքեպիսկոպոսը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ջատագովներէն է. կաթողիկէ եկեղեցին կ՛աջակցի երկրի հայ համայնքին:


