
8 յունիսին Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Պրիւքսէլի մէջ Հայ դատի գրասենեակին մէջ հանդիպում ունեցած է ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի անդամներուն հետ` կառոյցի նախագահ Գասպար Կարապետեանի գլխաւորութեամբ: Այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են հայրենիք-սփիւռք կապերուն եւ շրջանին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն վերաբերող հարցեր:
Նախագահ Սահակեան արժեւորած է ՀՅԴ Հայ դատի գործունէութիւնը համահայկական նշանակութիւն ունեցող հարցերուն լուծման եւ Արցախին մշտապէս սատարելու ուղղութեամբ` նշելով, որ անոր շնորհիւ բազմաթիւ կարեւոր հարցեր կը ստանան արդիւնաւէտ լուծում:
Նախագահ Սահակեան Պելճիքայի Մէջ
Հանդիպում Ունեցած Է Խումբ Մը
Երեսփոխաններու Հետ
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 7 յունիսէն աշխատանքային այցելութիւն կու տայ Պելճիքա:
8 յունիսին Պրիւքսէլի մէջ նախագահ Սահակեան հանդիպում ունեցած է Պելճիքայի խորհրդարանին մէջ Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի ղեկավար Էլս Վան Հոֆի եւ խումբ մը երեսփոխաններու հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Պելճիքայի եւ Արցախի խորհրդարաններուն միջեւ կապերու զարգացման առնչուող հարցեր: Նախագահ Սահակեան նշած է, որ Արցախը պատրաստակամ է զարգացնելու խորհրդարանական յարաբերութիւնները Պելճիքայի հետ եւ այս առումով կ՛ակնկալէ հայ ժողովուրդի բարեկամներուն գործօն աջակցութիւնը:


