
Երէկ` երկուշաբթի, 6 յունիսին, «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հարցազրոյց Օքսֆորտ համալսարանի արեւելագիտութեան ամպիոնի դասախօս դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեանի հետ:
Հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան:
Խօսելով Օքսֆորտ համալսարանի հայագիտական ամպիոնին մասին` դոկտ. Չիլինկիրեան յայտնեց, որ անոր արմատները հին են. համալսարանին մէջ հայագիտական ուսմունքները սկսած են 100-150 տարի առաջ, երբ բրիտանացի արեւելագէտներ հետաքրքրուած եղած են հայկական մատենագրութեամբ եւ բաղդատական գրականութեամբ:
Չիլինկիրեան ըսաւ, որ 1965-ին հիմնուած է Գալուստ Կիւլպէնկեանի անուան ուսուցչապետութիւնը` աւելցնելով, որ ամպիոնը վերջին տարիներուն աշխուժ գործունէութիւն ունի արդի հարցերու շուրջ: Ան ըսաւ, որ վերջին տարիներուն լուրջ մտահոգութիւններ կան արեւմտահայերէնի կենսունակութեան առնչութեամբ, եւ յունուար 2016-ին ամպիոնը կազմակերպած է այդ հարցին շուրջ խորհրդաժողով մը` աւելցնելով, որ իրենց յաջորդ քայլը պիտի ըլլայ պատրաստել քննարկումներուն վրայ հիմնուած զեկուցում մը, որ պիտի բովանդակէ առաջարկներ, որոնց կենսագործման կարելիութիւնը չունի համալսարանը, ուստի պէտք է սերտել զանոնք կենսագործելու կարելիութիւնը:
Ան նշեց, որ նպատակ կայ շարունակելու նման հաւաքները, պարզապէս կազմակերպման եւ նիւթական հարցեր կան, որոնք պէտք է լուծուին:
Դոկտ. Չիլինկիրեան յայտնեց, որ 21-րդ դարուն պէտք չէ խօսինք մեր մշակոյթի եւ լեզուի պահպանման մասին, այլ` կենսունակութեան ու զարգացման մասին:
Ան նշեց, որ Օքսֆորտը 800 տարեկան համալսարան մըն է եւ անոր հայագիտական ամպիոնի նիւթերուն հետեւողներուն մէջ կան թէ՛ հայ, թէ՛ օտար աշակերտներ: Դասախօսներուն մէջ եւս կան օտարներ ու հայեր:


