ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Վեցերորդ զգայարանք մը պիտի ունենաք ձեզի մօտիկ անձի մը վերաբերեալ: Ջանացէք աշխատիլ ամենայն հանդարտութեամբ, զիրար լաւ հասկնալու համար:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Պիտի գիտնաք գտնել բառեր, որոնք ձեզ պիտի հանգստացնեն: Մտիկ ըրէք ձեր լսածը եւ ըստ այնմ գործի անցէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Աշխատանքի տեսակէտէն գոհունակութիւն պիտի ունենաք: Պիտի կարենաք ձեզի վստահուած գործերը կատարել ամենայն լրջութեամբ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Պիտի չդադրին ձեզ գովելէ, ինչ որ պիտի շփացնէ ձեզ, եթէ նոյնիսկ դուք չընդունիք այդ գովասանքները:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Լաւապէս կազմակերպուած ըլլալով` պիտի կարենաք ձեր գործերը կատարել լաւագոյն ձեւով:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր բարեկամները կրնան ձեզ դնել տեղ մը, որ չէիք ակնկալեր: Պիտի կարենաք ձեր որոշած ծրագիրը իրագործել:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Պէտք է ձեզի աշխատանքի պատեհութիւն տան: Բաց ականջ տուէք տրուած առաջարկներուն եւ իրագործեցէք զանոնք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեզի օգտակար եղած անձի մը աչքերուն մէջ երջանկութիւն տեսնելը գոհունակութիւն է: Ասիկա լաւագոյն վարձատրութիւնն է ձեզի համար:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Աւելի լաւ բան չկայ, քան` ապագան պատրաստելը. ասիկա կը նշանակէ նախընտրութիւն մը կատարել բազմաթիւ առաջարկներու միջեւ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Առեւտուրի հարց մը պիտի ունենաք: Ուշադիր եղէք առուծախի գիներուն, որպէսզի սխալած չըլլաք: Օրը կը պահանջէ արթուն ըլլալ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Շաբթուան սկիզբը շատ եռանդուն էք: Փափաքը ունիք յառաջանալու, եւ ուրիշներ պիտի հետեւին ձեզի:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ժամանակ գտէք մարզանք կատարելու կամ զբաղելու արուեստի գործերով: Հոգին եւ մարմինը պէտք ունին ծաղկելու:
