
Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան` մայիս ամսուան ընթացքին զինուած ուժերուն մէջ կատարուած նախաձեռնութիւններու եւ աշխատանքներու արդիւնքներու քննարկման ընթացքին յայտնած է, որ մայիսին պատշաճ մակարդակով կատարուած են զինուած ուժերու պատրաստութեան ծրագիրով նախատեսուած առաջադրանքները:
Ան նշած է, որ մայիսին կատարուած աշխատանքներու եւ նախաձեռնութիւններու արդիւնքներու վերլուծումը անգամ մը եւս ցոյց տուած է, որ հայկական զինուած ուժերը ունին մարտունակութեան բարձր աստիճան եւ ունակ են կատարելու առաջադրուած խնդիրները:
Անդրադառնալով սահմանագիծին վրայ կատարուող ճարտարագիտական, ամրաշինական եւ անվտանգութեան կանոններու պահպանման աշխատանքներուն` նախարարը խորհրդակցութեան մասնակիցներուն առաջադրած է որոշ խնդիրներ:


