Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 2016 Տարեշրջանի Առաջին Նիստի Գումարում

June 4, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

nisd_60316

Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի առաջին նիստը տեղի ունեցաւ երէկ` ուրբաթ, 3 յունիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, Ազգային երեսփոխաններուն, Ազգային վարչութեան անդամներուն, Կրօնական ժողովի անդամներուն, Ազգային առաջնորդարանի յարկին տակ գործող խորհուրդներու եւ յանձնախումբերու ներկայացուցիչներուն:

Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Յակոբ Լատոյեան բացուած յայտարարեց ժողովը: Առաջնորդ սրբազան հօր բացման աղօթքէն ետք ժողովի ատենապետը ըստ օրակարգի կատարեց երեսփոխանական ժողովի նախորդ երկու նիստերու ատենագրութեանց քննարկումը եւ վաւերացումը: Այնուհետեւ ներկայացուեցան Կրօնական ժողովի եւ Ազգային վարչութեան երկամեայ գործունէութեան տեղեկագիրները եւ կատարուեցաւ անոնց քննարկումը:

Հաշուեքննիչ յանձնախումբի զեկուցումին յաջորդեց 2015 տարեշրջանին իրականացած հաշուեկշիռի ներկայացումը եւ քննարկումը, նաեւ 2016 տարեշրջանի նախահաշիւ-պիւտճէի ներկայացումը եւ հաստատումը:

Այնուհետեւ առիթ տրուեցաւ ժողովականներուն առաջարկներ ներկայացնելու եւ թելադրութիւններ կատարելու նոր ընտրուելիք Ազգային վարչութեան:

Աւարտին ժողովի ատենապետ Յակոբ Լատոյեան կարդաց Կրօնական ժողովի, Ազգային վարչութեան, հաշուեքննիչ յանձնախումբի,  ինչպէս նաեւ յառաջիկայ երկու տարիներուն համար Ազգային երեսփոխանական ժողովի դիւանի համար առաջարկուած թեկնածուներուն անունները, որոնք վաւերացուեցան ժողովին կողմէ:

Կրօնական ժողով` Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան, Խաչիկ Ա. քհնյ. Միսիրեան, Մաշտոց քհնյ. Քէշիշեան, Ղեւոնդ քհնյ. Լօշխաճեան, Նարեկ քհնյ. Հեճինեան:

Ազգային վարչութիւն (Քաղաքական ժողով)` տոքթ. Էլի Թաշճեան, Յակոբ Լուսարարեան, Հրայր Խաչատուրեան, Րաֆֆի Խուտավերտեան, Յովիկ Կէօզիւպէօյիւքեան, Յակոբ Գ. Հաւաթեան, Ալեքսան Մուրատեան, Հիլտա Պայրամեան, Վերա Պչաքճեան, Ալեքսան Ջուլհաճեան, Սիւզի Սեմերճեան, Սալբի Սիմիթեան, Մարտիկ Տեմիրճեան:

Հաշուեքննիչ յանձնախումբ` Արա Հացագործեան, Շանթ Յարութիւնեան, Մարկոս Սնապեան:

Ազգային երեսփոխանական ժողովի դիւան` Գառնիկ Մկրտիչեան, Ստեփան Տէր Պետրոսեան, Խաժակ Այնթէպլեան, Սիլվա Փափազեան:

Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց առաջնորդ սրբազան հայրը: Ան հաստատեց, որ հաճելի էր ընթացաւարտ Ազգային վարչութեան հետ աշխատիլը` աւելցնելով, որ իւրաքանչիւրը իր կարելիութենէն աւելին փորձեց տալ, որուն համար շնորհակալական եւ գնահատական խօսք ուղղեց անոնց: Ան նաեւ գնահատեց Ազգային առաջնորդարանի յարկին տակ գործող խորհուրդներուն եւ յանձնախումբերուն աշխատանքը` մաղթելով, որ յառաջիկային անոնք հաւաքական ճիգով կարենան իրականացնել իրենց վստահուած բոլոր աշխատանքները: Սրբազան հայրը նաեւ գնահատեց Ազգային երեսփոխանական ժողովին անդամները իրենց մասնակցութեան եւ եռանդին համար եւ յոյս յայտնեց, որ հաւատքով, համբերութեամբ եւ աշխատանքով կարենան դիմագրաւել եւ յաղթական դուրս գալ բոլոր դժուարութիւններէն:

Ժողովը փակուեցաւ սրբազան հօր պահպանիչով:

 

Նախորդը

Ռուբէն Տէր Մինասեանի Մահուան 65-Ամեակի Նշում

Յաջորդը

Ռուսիոյ, Իրանի Եւ Ազրպէյճանի Նախագահներու Միջեւ Հանդիպում Մը Կը Նախապատրաստուի

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.