– Լիբանան – Իրան` 75-81
– Այսօր` Լիբանան – Սուրիա
Նախանցեալ օր Ամմանի մէջ սկսաւ Արեւմտեան Ասիոյ տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութիւնը:
Լիբանանի ազգային խումբը, որ իր առաջին մրցումը կատարեց Իրանի դէմ, 6 կէտի տարբերութեամբ` 81-75 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր մրցակիցէն:
Թէեւ Լիբանանի մարզիկները չորրորդ քորթըրին յաջողեցան արդիւնքը հաւասարեցնել (69-69), սակայն Իրան տարաւ վերջնական յաղթանակը:
Այսօր, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 18:00-ին, Լիբանան կը կատարէ իր երկրորդ մրցումը Սուրիոյ դէմ: Իսկ հինգշաբթի, 2 յունիսին, Լիբանան կը կատարէ իր երրորդ եւ չորրորդ մրցումները` յաջորդաբար ճակատելով Իրաքի եւ Յորդանանի դէմ:



