Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

September 17, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի շնորհակալական հեռագիր մը ստացաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատէն` Ֆիթրի տօնին առիթով վերջինիս յղած իր շնորհաւորական հեռագիրին համար:

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին վարչապետարանին մէջ պիտի գումարէ երկու նիստեր, որոնք պիտի գումարուին երկուշաբթի եւ չորեքշաբթի օրերու յետմիջօրէին:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:

«ԷՆ. ՊԻ. ԷՆ.» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, լիբանանեան ապահովական կառոյցները ձերբակալած են երկու սուրիացիներ` Ասեմ Ֆատել ու Պասել Քասուաթ, եւ լիբանանցի մը` Իպրահիմ Մեհտի, որոնք կը պատրաստուէին Լիբանանէն Սուրիա զէնք մաքսանենգելու: Այդ զէնքերուն շարքին կը գտնուէին «Էր.Փէ.Ժէ.» եւ «Իներկա» տիպի նռնականետեր, գնդացիրներ, հեռադիտակներ եւ արդիական զինամթերք:

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարարութիւնը յայտարարեց, որ երկրին մէջ համացանցի օգտագործման դրութիւնը 4-էն 8 անգամ արագացնելու, իսկ համացանցի ծառայութեան համար վճարուած սակը 80 առ հարիւրով նուազեցնելու առումով կառավարութեան տուած որոշումը արդէն իսկ հրատարակուած է պետական պաշտօնաթերթին մէջ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նաժի Ղարիոս շեշտեց, որ խորհրդարանական փոքրամասնութիւնը կառավարութեան առջեւ ականներ զետեղած է, նախքան անոր աշխատանքի սկսիլը: Ան շեշտեց, որ փոքրամասնութիւնը կը փափաքի կառավարութիւնը ձախողեցնել, նախքան անոր աշխատանքը վկայելը:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ մարզի միութեան նախագահ Նաամաթ Աֆրամ յայտնեց, որ կառավարութեան եւ յատկապէս վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կողմէ պենզինի թղթածրարին նկատմամբ ցուցաբերուած լուրջ քննարկումը ողջունելի է: Ան նկատել տուաւ, որ անհրաժեշտ է նոյնքան ուշադրութիւն ցուցաբերել նաեւ մազութի հարցին, որովհետեւ ան ընկերային եւ տնտեսական առողջ երակ մըն է, որ մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ:

ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ շարժումի նախագահ Միշել Մուաուատ այսօր երեկոյեան ժամը 5:00-ին իր բնակարանին մէջ պիտի տայ մամլոյ ասուլիս մը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Զիատ Ասուատ յայտնեց, որ Ֆրանսայի մէջ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կեցուածքները սրբագրեցին 20 տարի շարունակ արձանագրուած խախտումը:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կարգ մը պաշտօնեաներ, որոնք կը ներկայանան իբրեւ երեսփոխաններ եւ կը շեշտեն Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորման անհրաժեշտութիւնը, թող իրենց անձնական գումարները յատկացնեն այդ ատեանին ֆինանսաւորման: «Մենք դէմ ենք ֆինանսաւորելու այդ ատեանը, որուն նպատակն է քանդել Լիբանանը», ըսաւ Ուահապ:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եագուպ յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքին կատարած յայտարարութիւնը բառին բուն իմաստով պատասխանատու կեցուածք է: Ան աւելցուց, որ նման կեցուածք մը Պքերքէի կողմէ շատոնց պէտք էր յայտարարուած ըլլար:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ Մէյս Ժապալ գիւղաքաղաքին մէջ տեղի ունեցած լիբանանեան բանակի պարգեւատրման ձեռնարկին խօսք առնելով շեշտեց, որ Բանակ, Ժողովուրդ, Դիմադրութիւն ադամանդեայ եռանկիւնը ազգային պաշտպանութեան եւ ներքին լիբանանեան կացութեան բարելաւման հիմքը կը նկատուի:

 

Նախորդը

«ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ ՏԱԿԱՒԻՆ ԿԸ ՄՆԱՅ ԻԲՐԵՒ ՆՊԱՏԱԿ» ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ

Յաջորդը

Փ. ՄԱՆՃԵԱՆ. «ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐՋԻՆ ՆԻՍՏԸ ԲԱՑԱՌԻԿ ԷՐ` ՔԱՂԱՔԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ԿԵՆՑԱՂԻՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ԴՐԱԿԱՆ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՔՆՆԱՐԿԵԼՈՒ ԱՌՈՒՄՈՎ»

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.