Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մայիսեան Յաղթանակի Յատկանշական Փառատօն` «Սարդարապատէն Մինչեւ Արցախ` Դէպի Յաղթանակ» Խորագիրով

May 30, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Paradon6_52816

Մայիսեան յաղթանակի սոսկ ոգեկոչումը չէր, որ տեղի ունեցաւ շաբաթ, 28 մայիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, այլ անիկա նաեւ առիթ էր գօտեպնդուելու մերօրեայ` ապրիլեան հերոսութիւններով, հզօր Արցախի մէջ հզօր կերպով սխրանքներ արձանագրող այսօրուան հերոսներուն հպարտութեամբ` հաստատելով, որ լիբանանահայութիւնը իր բոլոր կառոյցներով եւ միութիւններով, յատկապէս ՀՄԸՄ-ի միութենականներով եւ տարազաւորներով, մարզիկներով եւ կակուղ թաթիկներով տէրն է 98 տարիներ առաջ արեամբ եւ պայքարով կերտուած անկախութեան կտակին, նաեւ եւ անպայման տէրն է այսօր եւս արեամբ եւ պայքարով կերտուող յաղթանակին,  միշտ պատրաստ` ամէն գնով նեցուկ եւ զօրավիգ կանգնելու անոր պահպանման: Մայիսեան յաղթանակին եւ ապրիլեան անձնազոհութեան միջեւ կամրջումը առաւել ցայտուն դարձաւ դաշտին վրայ զետեղուած ձեռային աշխատանքներով` Մամիկ-պապիկը, հրասայլ մը, խաչքար եւ սուրը, ինչպէս նաեւ սկաուտներուն կողմէ գործադրուած գեղարուեստական յայտագիրին, մարմնաւորած կենդանի պատկերներուն եւ տողանցքի ընթացքին Արցախի տարբեր շրջաններուն անունները կրող խումբերու ներկայութեամբ:

 

28may16-(106)

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին բարձր հովանաւորութեամբ, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան հովանաւորութեամբ, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի նախագահութեամբ եւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցած փառատօնը ընթացք առաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՄԸՄ-ի դրօշակներուն ծածանումով` ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին կողմէ հնչած Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն կշռոյթով:

Փաթիլ Եսայեան
Փաթիլ Եսայեան

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան խօսքը փոխանցեց Փաթիլ Եսայեան, որ դիտել տուաւ, թէ այս տարուան մայիսեան փառատօնը կը կրէ «Սարդարապատէն մինչեւ Արցախ` դէպի յաղթանակ» խորագիրը, որովհետեւ մայիսեան խորհուրդը կը ներշնչէ սերունդներ, կը կերտէ հայկական ինքնութիւն եւ նորանոր յաղթանակներ, ինչպէս` ապրիլին Արցախի մէջ:

Անդրադառնալով մայիսեան յաղթանակին` ան ըսաւ, որ անիկա հայոց պատմութենէն եւ մեր այսօրուան իրականութենէն անջատ մասնիկ մը չէ, սկզբնակէտն էր ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի ձգտող ազգի մը պայքարին:

«Մայիսեան յաղթանակը տարիներ շարունակ ճնշող երակն էր աշխարհասփիւռ հայութեան եւ զայն հայրենիքին ու ազգին կառչած պահող վսեմագոյն թուականներէն մէկն էր եւ տակաւին կը շարունակէ ըլլալ: 1988-էն սկսեալ, մայիսեան յաղթանակն էր, որ մղեց ամբողջ ազգ մը տէր կանգնելու Արցախին եւ պայքարելու վասն անոր անկախութեան եւ պետականութեան:

«Եւ այսօր, աւելի քան երբեք, մայիսեան յաղթանակի շունչով է, որ պիտի շարունակենք պաշտպանել ու պահպանել Արցախի սուրբ հողը` մի՛շտ իբրեւ նշանաբան ունենալով «դէպի յաղթանակ»-ը», շեշտեց Փաթիլ Եսայեան:

Ան ըսաւ, որ այսօր ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի մեծ ընտանիքը լաւագոյն ապացոյցն է, որ ներկայ ու յառաջիկայ սերունդները պիտի շարունակեն ընթանալ նախնիներուն գծած ուղիէն, պիտի շարունակեն գործել ՀՄԸՄ-ի սրբազան առաքելութեան համաձայն, պիտի մշակեն նոր ծրագիրներ, պիտի ստեղծեն նոր գործելադաշտեր Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքի` միշտ հաւատարիմ մնալով ՀՄԸՄ-ի նշանաբանին` «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր»-ին:

Իր խօսքի աւարտին Փ. Եսայեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք աշխատած էին փառատօնի յաջողութեան ի խնդիր, ինչպէս նաեւ հաստատեց, որ  Սարդարապատի ոգիով թրծուած 98-ամեայ, բայց միշտ երիտասարդ ՀՄԸՄ-ը վճռակամօրէն պիտի շարունակէ իր մարդակերտման եւ հայակերտման առաքելութիւնը:

Գառնիկ Մկրտիչեան
Գառնիկ Մկրտիչեան

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ հայութեան կերտած յաղթանակներուն կարեւորութեան` շեշտը դնելով անոնցմէ խորհուրդներ քաղելու հրամայականին վրայ:

Լուսարձակի տակ առնելով ՀՄԸՄ-ի 98-ամեայ երթը` ան ըսաւ, որ ժողովուրդներու պատմութեան մէջ հազուագիւտ են մարզական այն միութիւնները, որոնք 98 տարի գոյատեւած են իրենց հիմնական առաքելութեամբ:

«Մեզի նման փոքր ու աշխարհի տարածքին սփռուած ժողովուրդի մը մէջ, հրաշքի համազօր բան է 98 տարի մարզական եւ սկաուտական միութիւն մը պահելը եւ թիւով ու որակով տեւաբար յառաջդիմելը: Իսկ այդ հրաշքը մենք կը պարտինք մեր սքանչելի ժողովուրդին, որուն համար ՀՄԸՄ-ը եղած է ու կը մնայ սերունդներու փրկութեան լաստը, մարզական առողջ միջավայրը, սկաուտական ազնիւ սկզբունքներու դարբնոցը, մէկ խօսքով` մարդակերտումի եզակի կեդրոնը:

«Մարզանքն ու սկաուտութիւնը իբրեւ միջոց ունենալով` ՀՄԸՄ 98 տարի շարունակ իրեն դիմող սերունդներուն փոխանցեց ինքնավստահութիւն, արժանապատուութեան զգացում եւ ազգային պատկանելիութեան գիտակցութիւն, այլ խօսքով` ան ազգային կնիքով դրոշմեց երիտասարդ սերունդներ, ՀՄԸՄ-ը վերածելով համագաղութային եւ համահայկական մե՛ծ ընտանիքի, կամուրջի` գաղութէ գաղութ եւ գաղութներէն հայրենիք», հաստատեց Գառնիկ Մկրտիչեան:

Իբրեւ օրինակ ան յիշեց յաջողութեամբ իրականացուած Համա-ՀՄԸՄ-ական նախաձեռնութիւնները, ութ ամիս առաջ Հայաստանի մէջ գումարուած Պատգամաւորական 10-րդ Ընդհանուր ժողովը, յուլիսին Երեւանի մէջ կայանալիք Համա- ՀՄԸՄ-ական խմբապետական 7-րդ համագումարը, հոկտեմբերին տեղի ունենալիք ՀՄԸՄ-ի միջդիւանական 9-րդ խորհրդաժողովը:  «Այսպէս, ՀՄԸՄ կը շարունակէ 98-ամեայ երթը, իր մասնակցութիւնը բերելով նաեւ Արցախի հզօրացման եւ սուրիահայութեան զօրակցութեան համահայկական օրակարգերուն», աւելցուց ան:

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը նշեց, որ միութիւնը մտահոգութեամբ կը հետեւի իր պատմական ու ճառագայթող շրջաններէն` ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ շրջանին ապրած դժնդակ պայմաններուն, մտահոգութիւն մը, որ ծնունդ տուած է զօրակցութեան ու անվերապահ աջակցութեան: Ան աւելցուց, որ ՀՄԸՄ-ը կը տագնապի նաեւ Արցախի իրավիճակով` նշելով, որ ՀՄԸՄ-ի Հայաստանի սկաուտները օգնութեան ձեռք կ’երկարեն ապրիլեան պատերազմէն վիրաւորուած հայ զինուորներուն, անմիջական օժանդակութիւններ կը հաւաքեն ու կը բաժնեն Արցախի սահմանային գիւղերու բնակիչներուն:

«Առանց ազգային գիտակցութեան, առանց կարգապահ ու նուիրեալ շարքերու, առանց ֆիզիքապէս ու հոգեպէս տոկուն երիտասարդութեան կարելի չէ հզօր ու բարգաւաճ Հայաստան ունենալ, կարելի չէ անպարտելի Արցախ ունենալ: Ու եթէ բախտաւոր օր մը հայութեան պանծալի դրօշը պիտի ծածանի նաեւ բռնագրաւեալ մեր հայրենիքի երկնակամարին վրայ, այդ կը պահանջէ կամք, լաւագոյնին ձգտելու ճիգ եւ յարատեւութիւն:

«Այս հաստատ համոզումներով կ’ողջունենք Մայիսեան այս փառատօնը` խոստանալով միշտ բարձր պահել այն դրօշը, որ մեզի աւանդ ձգուեցաւ միութեան աննման հիմնադիրներուն կողմէ: Այն դրօշը, զոր 98 տարի բարձր բռնեցին «հսկայ նուիրման® կամաւոր բանակ»-ի հաւատաւոր անդամները: Այն դրօշը, որ այսօր կը ծածանի Երեւանի, Մարտակերտի ու Թալիշի վերեւ, իսկ վաղը, պայծա՛ռ ապագային, պիտի ծածանի նաեւ Վանի, Մուշի, Սասունի, Կարսի եւ Արտահանի վրայ», եզրափակեց Գառնիկ Մկրտիչեան:

Ապա ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Հրայր Խաչատուրեանի, ԼԵՎԱՄ-ի ներկայացուցիչ Սեւակ Աբրահամեանի եւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի ձեռամբ տեղի ունեցաւ ԼԵՎԱՄ-ի վահաններու տուչութիւն. նախակրթարանի բաժինի յատուկ վահանը յանձնուեցաւ Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանին, միջնակարգինը` Ազգային Սուրէն Խանամիրեան քոլեճին, իսկ երկրորդականինը` Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանին:

ԼԵՎԱՄ-ի մասնակցող աշակերտներէն լաւագոյն մարզիկի եւ մարզիկուհիի բաժակներուն տիրացան Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանէն Ալեքս Կետիկեան եւ Սանան Խաչերեան, իսկ լաւագոյն արդիւնք արձանագրող մարզիչի բաժակ յանձնուեցաւ Նարեկ Աւետիքեանի` Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանէն, իսկ Հայկազեան համալսարանի տիպար խումբի (ֆեր փլէյ) բաժակին տիրացաւ Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան քոլեճը:

Անկէ ետք հասաւ աւանդաբար սպասուած պահը, երբ պատասխանատուներուն արտասանած խօսքերը գործի վերածելու կոչուած ապագայ սերունդներու ներկայացուցիչները կանոնաւոր շարքերով տողանցեցին` հպարտութեամբ եւ ուրախութեամբ լեցնելով բոլորին սրտերն ու հոգիները:

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան շեփորախումբին առաջնորդութեամբ սկսաւ տողանցքը, կարգապահ, խանդավառ եւ յոյսով լի քայլերով դաշտը լեցուցած լիբանանահայութիւնը ողջունեց ԼԵՄ-ականները, Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Այնճարի, Անթիլիասի, Ժտէյտէի, Պաուշրիէի եւ Ռաուտայի մասնաճիւղերու սկաուտական խումբերը, որոնց յաջորդեցին ՀՄԸՄ-ին ծառայած ու անոր հաւատարիմ ՀՄԸՄ-ական վեթերանները: Մարզական ներկայացուցչական թէ կրտսերներու ու մասնաճիւղերու խումբերուն տողանցքը ընթացք առաւ խանդավառութեամբ եւ հպարտութեամբ` արձանագրուած յաջողութիւններուն ի տես: Տողանցեցին նաեւ  Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի, Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան,  Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան, Ազգային Սուրէն Խանամիրեան եւ Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարաններու աշակերտները:

28may16-(673)_52816

Փակման խօսքը արտասանեց եւ իր պատգամը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսին ողջոյնի խօսքը փոխանցեց ՀՄԸՄ-ին եւ դաշտը գտնուող լիբանանահայութեան: Մայիսեան յաղթանակին մասին խօսելով` ան հաստատեց, որ 28 մայիս 1918-ին հայութիւնը կրցաւ փշրել ստրկութեան շղթան, թօթափել ստորակայութեան զգացումը եւ կերտել իսկական յաղթանակ, որուն խորհուրդը փոխանցուած է սերունդէ սերունդ եւ պիտի շարունակէ ներշնչման աղբիւր հանդիսանալ յառաջիկային եւս: Առաջնորդ սրբազանը նշեց, որ այս գիտակցութեամբ ՀՄԸՄ-ականներն ու լիբանանահայութիւնը համախմբուած են Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, որպէսզի իրենց հոգիներուն մէջ վերակենդանացնեն հոգիները այն հերոսներուն, որոնց շնորհիւ կերտուեցան եւ կը շարունակեն կերտուիլ պանծալի յաղթանակներ: Ան մաղթեց, որ Աստուած իր օրհնութիւնը անպակաս ընէ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն վրայէն, պահպանէ անձնազոհաբար սահմանագիծին մէջ արթուն հսկող զինուորները` շեշտելով, որ կատարուած զոհողութիւններուն դիմաց մենք պէտք է ուխտենք հաւատարիմ մնալ հայկական մաքուր նկարագիրին, ջինջ պահել մեր լեզուն ու մշակոյթը, կառչիլ ազգային արժէքներուն, անմար պահել յիշատակը բոլոր անոնց, որոնք իրենց կեանքը նուիրաբերեցին հաւաքական շահերուն, հայրենիքին եւ ազգին  ի խնդիր:

Շահէ եպս. Փանոսեան իր պատգամը եզրափակելով կոչ ուղղեց ներկաներուն ըլլալու գիտակից հայորդիներ, տէր հայկական արժէքներուն` միշտ արժեւորելով ազգին համար կատարուած զոհողութիւնները եւ ընթանալով դէպի լուսաւոր ապագայ:

Մայիսեան յաղթանակի, վերապրումի եւ Հայաստանէն Արցախ ու ի սփիւռս աշխարհի հայօրէն երթն ու պայքարը շարունակելու կտակին հաւատարիմ մնալու խոստումով, արցախեան վեհ լեռներուն եւ ազատամարտիկներուն վեհագոյն սխրանքներուն նեցուկ կանգնելու հաստատակամութեամբ յատկանշուած փառատօնը աւարտեցաւ հրավառութեամբ:

Paradon2_52816

28may16-(473)_52816

28may16-(239)_52816

28may16-(335)_52816

28may16-(374)_52816

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Paradon4_52816

 

 

Նախորդը

Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 98-Ամեակին Առիթով. «Մենք Եւ Մեր Յաջորդ Սերունդը Պիտի Տեսնենք Նաեւ Արեւմտեա՛ն Հայաստանի Ազատագրումն Ու Միացումը Հայաստանի Եւ Կերտումը Ամբողջական Ու Միացեալ Հայաստանի» Ընդգծեց Յովիկ Պերթիզլեան

Յաջորդը

Պաթրունի Եւ Թրիփոլիի Մէջ Հայութիւնը Կատարեց Իր Քաղաքացիական Պարտականութիւնը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.