
Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան 98-ամեակի ձեռնարկներու ծիրին մէջ, հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն եւ յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ երէկ` կիրակի, 29 մայիս 2016-ի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատան մէջ, ներկայութեամբ միութենական, կուսակցական անձնաւորութիւններու, պատասխանատուներու, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, սկաուտական միաւորներու եւ հաւատաւոր երիտասարդութեան խուռներամ բազմութեան:
ՀՅԴ Լիբանանի քարոզչական մարմինին կազմակերպած այս ձեռնարկը սկսաւ հոգեհանգստեան յատուկ արարողութեամբ` ի յիշատակ դարաւոր այդ տեսլականի իրագործման նպաստած ու անկախութեան կերտումի ճամբուն վրայ իրենց կեանքը նուիրաբերած բազմաթիւ հերոսներուն, յատկապէս Լիբանանի մէջ մահացած Սիմոն Վրացեանի, Նիկոլ Աղբալեանի, Լեւոն Շանթի, Հայր Աբրահամի (Աւետիք Սահակեան), Կարօ Սասունիի, Վարվառէ Սահակեանի, Լոլա Սասունիի, Սասունցի Մուշեղի, Արշակ Յովհաննէսեանի, Մալխասի, Մուրատ Պետրոսեանի, Վարդան Շահպազի, Հրաչ Փափազեանի, Միսաք Կիրակոսեանի, Քեռի Ղազարի եւ Վահան Փափազեանի (Կոմս) նման անձնուրացներու անմոռաց յիշատակին:



Հոգեհանգստեան հոգեպարար արարողութեան աւարտին, ձեռնարկի հանդիսավար Շաղիկ Յովսէփեան սեղմ տողերու մէջ ներկայացուց ձեռնարկին յայտագիրը, որմէ ետք տոքթ. Սեպուհ Մանճեան կարդաց հատուած մը` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ, 18 փետրուար 1921-ի Փետրուարեան ապստամբութեան ղեկավարներէն ու Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէի անդամ Կարօ Սասունիի հեղինակած գրութիւններէն (ծնած`1888-ին, Սասնոյ Խուլբ գաւառի Ահարոնք գիւղը եւ մահացած Պէյրութ` 1977-ին):
Օրուան խորհուրդը փոխանցեց Յովիկ Պերթիզլեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները, թուեց Անկախութեան կերտիչներու Լիբանան ապաստանած փաղանգի նշեալ նուիրեալներուն անունները:
«Այս մարդիկը ազատագրական պայքար մղեցին քաղաքական, քարոզչական, մտաւորական գետնի վրայ, բայց յատկապէս նաեւ` մարտական-զինուորական գետնի վրայ: Կազմեցին հայդուկային խումբեր` ազգին արժանապատուութիւնն ու գոյութեան իրաւունքը պաշտպանելու համար: Հրատարակեցին թերթեր` քարոզչական աշխատանք տանելու եւ դաստիարակելու համար սերունդները: Վեց հարիւր տարուան ստրուկէն ստեղծեցին ազգ, ստեղծեցին ազգային գիտակցութիւն: 1915-ի ահաւոր Ցեղասպանութենէն ետք այս մարդիկը կրցան իրենց մէջ ուժ գտնել հայ ժողովուրդը հասցնելու համար Սարդարապատ, Բաշ Ապարան, Ղարաքիլիսա, ստեղծելու մայիս 28: Աւերուած Հայաստանէն, սովահար, համաճարակուած, գաղթականներու բնակավայր, կեդրոն դարձած Հայաստանէն այս մարդիկը ստեղծեցին բանակ, Արամներու, Դրոներու, Գարեգին Նժդեհներու գործակցութեան միջոցով: Այս մարդիկը հայութիւնը առաջնորդեցին դէպի յաղթանակ, դէպի Սարդարապատ եւ կերտեցին մայիս 28-ի անկախութիւնը: Անոնք ոչինչէն ստեղծեցին պետութիւն: Մենք, որ 1375-ին, Կիլիկեան թագաւորութեան անկումէն ի վեր պետականութեան երես չէինք տեսած, ստեղծեցին պետութիւն կարճ ժամկէտներու մէջ, ստեղծեցին բանակ ու ներքին ապահովութեան ուժեր, կրթական ցանցեր ու պետական ենթակառոյցի հաստատութիւններ»:
«Մէկ խօսքով, ամբողջովին հաւատք ստեղծեցին ապագային նկատմամբ: Հայ դատի գաղափարը այս մարդիկը վառ պահեցին մեր մէջ եւ Հայ դատի պայքար մղելու համար սերունդներ դաստիարակեցին: Մեր ուղեղներուն մէջ աճեցուցին, կոփեցին, ամրագրեցին ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի գաղափարի տեսլականը, եւ այսօր փաստօրէն մենք Հայաստան ըսելով կը հասկնանք Արցախը, Հայաստանի Հանրապետութեան պետութիւնը, Նախիջեւանն ու Ջաւախքը: Այս մարդոց գաղափարախօսութիւնն էր ատիկա: Նաեւ այս մարդոց գլխաւոր գործերէն էր` Հայաստանի մաքրագործումը թրքական եւ թրքացեղ տարրերէն, եւ այսօր Հայաստանի բնակչութեան 90 առ հարիւր համեմատութեան հայ ըլլալու իրողութիւնը մենք կը պարտինք այս մարդոց: Այս մարդոց կը պարտինք նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նուաճումները», ընդգծեց Պերթիզլեան:
Նշելէ ետք անկախութիւնը կերտած սերունդին արձանագրած նուաճումները, վեց դարերէ շարունակ հայութեան զլացուած անկախութեան շնորհիւ ստեղծուած պետական ենթակառոյցի միաւորները, հաստատութիւնները, հիմնարկները ազգային, ընկերային, կրթական, մշակութային թէ մարզական մարզերուն մէջ` Պերթիզլեան հանգամանաւոր կերպով անդրադարձաւ անոնց սփիւռքեան գործունէութեան, յատկապէս ինչ կը վերաբերի գաղութներու կազմակերպման, Լիբանանի պարագային` ազգային կառոյցներու հաստատման, կուսակցական միաւորներու վերակենդանացման, ՀՕՄ-ի լիբանանեան միաւորի` Լիբանանահայ օգնութեան խաչի (ԼՕԽ), ՀՄԸՄ-ի, Համազգայինի հիմնադրութեան:
«Այս մարդիկը կազմակերպեցին գաղութները, ցեղասպանուած հայութենէն գաղութներուն մէջ ստեղծեցին համայնքներ, գաղթական հայը դարձուցին ազգային գիտակցութեամբ տոգորուած հայ, տարածեցին լուսաւորութիւն եւ կրթութիւն: Շարունակեցին գաղափարապէս դաստիարակել նոր սերունդներ, անկախութեան եւ պահանջատիրութեան գաղափարը յաւերժ պահեցին սերունդներուն մէջ, եւ ասոր փաստը այսօրուան այս հաւաքն է: Թերահաւատներու ականջին անոնք պոռացին, թէ յաջորդ սերունդները պիտի տեսնեն անկախութիւնը, եւ իրօք` իրականացաւ անոնց այդ հաւատքը եւ նոյն այդ հաւատքը այսօր ինծի թոյլ կու տայ հոս` իբրեւ այսօրուան բանախօս յայտարարելու, թէ մեր յաջորդ սերունդը պիտի տեսնէ նաեւ բռնագրաւեալ Արեւմտեա՛ն Հայաստանի ազատագրումն ու միացումը Հայաստանին եւ կերտումը ամբողջական ու միացեալ Հայաստան: Նոյն այդ հաւատքը, որ անոնք փոխանցեցին մեզի, մենք կը փոխանցենք յաջորդ սերունդին` հաւատալով, որ անպայման պիտի տեսնենք այդ օրը: Մենք հաւատացողն ենք, որ այս պայքարը պիտի հասնի իր յաղթական աւարտին եւ պատմութեան ընթացքին մեր բոլոր կորուստներուն վերատիրանալով պիտի իրականացնենք մեր միակ ու գլխաւոր երազը` ամբողջական Հայաստան, ամբողջական հայութեամբ, շարունակելով այդ մարդոց գործը»:

Ապա ներկաները միաբերան երգեցին «Վէրքերով լի» եւ «Յառաջ նահատակ» երգերն ու հերթաբար ծաղիկներ զետեղեցին իւրաքանչիւր անկախութեան կերտիչի շիրիմին:

Գեղարուեստական բաժինով մէջընդմէջ ելոյթ ունեցան Կարօ Քէլէշեան` «Գարուն բացուեց» երգով, իսկ Հուրի Քոչունեան-Ղազարեան ասմունքեց հատուած մը Կարօ Սասունիի գործերէն:

Նեկաներուն յաջորդ հանգրուանը եղաւ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատուն, ուր յոտնկայս «Վէրքերով լի»-ի եւ մահուան հրաժեշտի երգերէն ետք, նուագակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ Երուանդ Փամպուքեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի նախկին անդամ Տիգրան Ճինպաշեան ծաղկեպսակ զետեղեցին ՀՅԴ պանթէոնին դիմաց:


