
Արեւմտեան Ասիոյ տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութեան մասնակցող երկիրներուն կարգին է Լիբանան, որ պիտի փորձէ լաւ արդիւնքներ արձանագրել այդ մրցաշարքին:
Նշենք, որ նախանցեալ օր Լիբանան եկաւ ամերիկացի մարզիկ Կերոն Ճոնսըն (նախապէս` Լուէյզիի մարզիկ), որ մաս պիտի կազմէ Լիբանանի տղոց կազմին` լիբանանեան հպատակութիւն ստանալէ ետք:
Լիբանանի մարզիչ Փաթրիք Սապայի կողմէ նկատի առնուած 14 մարզիկներուն կարգին են` ՀՄԸՄ-ի խումբէն Նետիմ Սուէյտ եւ Ահմետ Իպրահիմ:
Ստորեւ` նկատի առնուած մարզիկներուն անուանացանկը.
Միկել Մարթինեզ, Ալի Մըզհեր, Նետիմ Սուէյտ, Օմար Այյուպի, Էլի Սթեֆան, Խալիլ Աուն, Մարուան Զիատէ, Փաթրիք Պու Ապպուտ, Ճօ Ապի Խըրըս, Ալաէտտին Առնաութ, Ահմետ Իպրահիմ եւ Կերոն Ճոնսըն:


