
Հայկական երեսփոխանական պլոքի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, «Շաղզոյեան» կեդրոնի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըրը` ներկայութեամբ Կեդրոնական կոմիտէի փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեանի:
Մէկ ժամ տեւած հանդիպումին` արծարծուեցաւ Լիբանանի եւ շրջանային կացութիւնը, ինչպէս նաեւ նախագահական եւ երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացման անհրաժեշտութիւնը:
Լայն անդրադարձ կատարուեցաւ սուրիացի գաղթականներու հարցին եւ այս ուղղութեամբ միջազգային ընտանիքին պատասխանատուութեան: Քննուեցաւ սուրիահայ գաղթականներու խնդիրը եւ անոնց առանձնայատկութիւնները:
Դեսպան Շորթըրի հետաքրքրութեան իբրեւ պատասխան, երեսփոխան Բագրատունի լայն գիծերու մէջ ներկայացուց Լիբանանի հայութեան կազմութեան եւ ներկայ ժամանակներու ընդհանուր կացութիւնը` շեշտը դնելով հայ համայնքի դերակատարութեան վրայ` ինչ կը վերաբերի Լիբանանի միութեան, անկախութեան, գերիշխանութեան եւ հողային ամբողջականութեան պահպանման:
Նոյն ծիրին մէջ Բագրատունի ներկայացուց ՀՅ Դաշնակցութեան դերակատարութիւնը Լիբանանի եւ արտասահմանի մէջ` միաժամանակ անդրադառնալով Ցեղասպանութեան խնդիրին, Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութեան եւ Արցախի նկատմամբ Ազրպէյճանի յարձակողապաշտ քաղաքականութեան:


