
26 մայիսին գումարուած Ազգային ժողովի նիստին նախարար Էդուարդ Նալբանդեան խօսք առնելով անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի յարաբերութիւններուն, Լեռնային Ղարաբաղի առնչուող զարգացումներուն:
Էդուարդ Նալբանդեան յայտնած է, որ Հայաստան եւ Լեռնային Ղարաբաղ պիտի շարունակեն միջազգային կազմակերպութիւններուն ներկայացնել Ազրպէյճանի անմարդկային գործողութիւնները: «Վստահաբար, Հայաստանն ու Ղարաբաղը ներկայացուցած են եւ կը ներկայացնեն մարդու իրաւունքներու համապատասխան մարդասիրական համաձայնագիրներու ոտնահարումները: Ինչպէս գիտէք, հոլովոյթը պարզ չէ, սակայն մեր կողմէ կը կատարուի ամէն կարելի բան, որպէսզի այդ կազմակերպութիւնները տեղեկանան ամէն բանի մասին եւ համապատասխան արձագանգ տան», ըսած է ան:
Նալբանդեան նաեւ դիտել տուած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման առնչուող բոլոր աշխատանքային փաստաթուղթերուն մէջ առկայ է այն կէտը, որ Լեռնային Ղարաբաղ պէտք է ըլլայ բանակցութիւններու կողմ: «Բոլոր աշխատանքային փաստաթուղթերուն մէջ, որոնք մինչեւ այժմ քննարկուած, բանակցութեան դրուած են ու որոնք պահ դրուած են գլխաւոր քարտուղարութեան գրասենեակին մէջ, առկայ է այդ կէտը, որ Լեռնային Ղարաբաղը պէտք է մասնակցի բանակցութիւններուն եւ առանց Լեռնային Ղարաբաղի մասնակցութեան անկարելի կ’ըլլայ որեւէ փաստաթուղթի, համաձայնագիրի ստորագրումը», ըսած է նախարարը:
Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հանդիպումին մասին հարցումի մը պատասխանելով` նախարարը ըսած է, որ այդ ատեն ոչ մէկ փաստաթուղթ ստորագրուած է, իսկ այդ մասին տարաձայնութիւնները իրականութեան հետ առնչութիւն չունին: «Որեւէ ստորագրութեան մասին ոչ միայն վաղաժամ է խօսիլը, այլեւ անիմաստ: Որեւէ փաստաթուղթ չկայ, որ ստորագրուի: Նախարարը նշած է, որ բանակցութիւններու վերսկսման համար պէտք է ապահովուին համապատասխան պայմաններ: «Եթէ ստեղծուի դիտարկումի մեքանիզմներու ներդրման կարելիութիւն ու ընդլայնուին ԵԱՀԿ-ի նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակի կարողութիւնները, այսինքն` բացառուին այնպիսի զարգացումներ, որ եղան ապրիլ ամսուան սկիզբը, ապա կարելիութիւններ կան վերսկսելու այդ բանակցութիւնները», դիտել տուած է Էդուարդ Նալբանդեան:
Պատասխանելով Բարգաւաճ Հայաստան խմբակցութեան ղեկավար Նայիրա Զոհրաբեանի հարցումին` ան ըսած է, որ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ ռազմական փոխօգնութեան համաձայնագիրը մշակման փուլի մէջ է: «Ճիշդ էք, համաձայնագիրի պատրաստութիւնը յանձնարարուած է արտաքին գործոց նախարարութեան, անիկա մշակման փուլին մէջ է: Յաջորդ քայլերը կախուած կ՛ըլլան ապագայ զարգացումներէն եւ համապատասխան գործօններէն: Այսքանն է, որ ես այսօր կրնամ ըսել», ըսած է նախարարը: Ան աւելցուցած է, որ այս ոչ այնքան պարզ գործընթացներուն առնչութեամբ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի բարձրագոյն իշխանութիւնները քննարկումներ կը կատարեն եւ անոնց իբրեւ արդիւնք կու գան եզրակացութեան` երբ կարելի ըլլայ ատիկա իրականացնել: Նայիրա Զոհրաբեան արձագանգելով հարցուցած է. «Խորհրդարանը Արցախի ճանաչումը այս պահուն նկատեց ոչ ճիշդ: Հաշուի առնելով ձեր նշած խնդիրները, փաստօրէն նոյն դրութեամբ կ՛ընթանայ զինուորական փոխօգնութեան համաձայնագիրը պատրաստելու ընթացքը, այսինքն` հաւանական է, որ չգայ զանիկա ընդունելու պատեհ պահը»: Ի պատասխան Էդուարդ Նալբանդեան նշած է. «Ես նոյն հաւասարութեան վրայ չէի դներ այդ երկու հարցերը: Չէի օգտագործեր «նոյն դրութեամբ» կամ այլ բառակապակցութիւններ: Ես կ՛ըսէի` այդ համաձայնագիրի մշակման եւ կնքման հետ կապուած հարցերը կը գտնուին մեր օրակարգին վրայ»:


