
Ազրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ, արտաքին կապերու բաժանմունքի ղեկավար Նովրուզ Մամետով ազրպէյճանական «Էյ.Էն.Էս.» գործակալութեան տուած մեկնաբանութեան մէջ ըսած է, որ Պաքու դէմ է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի գրասենեակի լիազօրութիւններու յաւելման:
Մեկնաբանելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի յայտարարութիւնը` ան ըսած է. «Անճէյ Քասփրչիքի լիազօրութիւններուն մէջ առարկայական փոփոխութիւններ չեն կրնար ըլլալ: Յայտարարութեան մէջ ըսուածը Մինսքի խմբակի դիրքորոշումն է, մենք այս հարցին մէջ մեր վրայ որեւէ պատասխանատուութիւն չենք վերցուցած»:


