Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիրօ Մանոյեան Մեծ Յոյսեր Չունի Հետաքննական Մեքանիզմներուն Առնչուած

May 19, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Giro_51816

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան ըսած է, որ Հայաստանի նախագահը ճիշդ ըրաւ արագ կերպով լուսաբանելով հանդիպման մանրամասնութիւնները (Վիեննայէն վերադարձի ճամբուն վրայ նախագահին տուած հարցազրոյցը օդանաւին մէջ), որովհետեւ այդպիսով առնուազն մեր հասարակութեան համար որոշ խնդիրներ պարզ դարձան:

«Երբ համանախագահողներու յայտարարութիւնն ալ համահունչ էր մեր նախագահի ըսածներուն, արդէն ցոյց տուաւ, որ իրականութեան մէջ ի՛նչ ձեւով ընթացած են այդ բանակցութիւնները: Ազրպէյճանի կողմէ  լռութիւնը կը խօսի այն մասին, որ անոնք այդքան ալ խանդավառ չեն այդ հանդիպումով, եւ համանախագահները կը փորձեն սիրաշահել Ազրպէճանը եւ սեղանի շուրջ պահել` փորձելով նաեւ ըսել բաներ, որոնք Ազրպէյճանի ցանկութիւնն են: Հայկական կողմը փուլային բանակցութիւններուն դէմ չէ, եթէ փուլայինի ընթացքին ճանչցուի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը եւ այլն, բայց այդպէս չէ հարցը. այս առաջարկներուն շուրջ փուլայինը իսկապէս պէտք է անընդունելի ըլլայ: Իսկ եթէ ատիկա մէկ կողմ դնենք եւ նայինք, որ ասիկա իրականութեան մէջ փաթեթային լուծում է, եւ կիրարկումը պէտք է ըլլար փուլային, այդ պարագային նոյնպէս անընդունելի կէտեր կան: Օրինակ` երբ կ՛ըսեն ազատագրուած տարածքներ, արդէն անընդունելի է, որովհետեւ ամբողջ Արցախը ազատագրուած է», ըսած է Մանոյեան:

Ըստ անոր, կարելի չէ անհաւասար փոխզիջումներ ընել, որովհետեւ եթէ փոխզիջման խնդիր է, պէտք է համահաւասար ըլլայ:

Մանոյեան նշած է նաեւ, որ, առանց Լեռնային Ղարաբաղի մասնակցութեան, ճիշդ չէ ակնկալել, որ արդիւնքի կարելի ըլլայ հասնիլ:

Խօսելով Վիեննայի մէջ ձեռքբերուած` հետաքննական մեքանիզմներու տեղադրման մասին` ան ըսած է. «Հետաքննական մեքանիզմները պէտք է յստակ ճշդուին, մինչեւ հիմա ճշդուած չեն: Կողմերը պէտք է պայմանաւորուին, թէ ի՛նչ յստակ հետաքննական մեքանիզմներ պիտի ըլլան: Վերջերս ուսումնասիրած եմ դիտորդական նման առաքելութիւններու առօրեայ զեկուցումները Ուքրանիոյ պարագային եւ հասկցած, որ հասցէականացուած են այնքանով, որ կ՛ըսեն` այս կողմէն  կրակ եկաւ, բայց որակումներ չեն տար: Ակնկալել, որ պէտք է դատաւորի նման յայտարարեն` դուն մեղաւոր ես, եւ մենք պէտք է գնդակահարենք բոլորը, այդպիսի բան չ՛ըլլար»:

Մանոյեան նշած է նաեւ, որ պէտք է պարզել` հետաքննական մեքանիզմները ճիշդ ի՛նչ են` մարդի՞կ, թէ՞ սարքեր:

 

 

 

Նախորդը

Նալբանդեան. «Յոյսով Ենք` Այս Անգամ Ազրպէյճանը Չի Խորտակեր Միջազգային Հանրութեան Սպասելիքները»

Յաջորդը

Բակօ Սահակեան Հրանդ Մարգարեանի Հետ Քննարկած Է Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 2, 2026
Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.