
Հակառակ թուրք վարիչներուն յաճախակի հերքումին, թէ իրենք չեն զօրակցիր ՏԱՀԵՇ-ին կամ իսլամական ծայրայեղ խմբակներու, վերջերս նոր ապացոյցով հանդէս եկաւ ռուսական «Սփութնիք» լրատուական աղբիւրը, ըստ որուն, ՏԱՀԵՇ-ի չորս զինեալներ հինգ մայիսին փոխադրուած են Այնթէպի «Էրսին Արսլան» հիւանդանոցը` ապաքինման համար: «Անյայտ աղբիւրը», որ «Սփութնիք»-ին փոխանցած է նշեալ տեղեկութիւնները, կ՛աւելցնէ, թէ զինեալներէն մէկը` Պաքուր Ֆերհատ, 1993-ի ծնունդ, աֆղանական հպատակութեան կը պատկանի: Նախքան այդ թրքական ուժեր կրակ բացած են, երբ անծանօթ թուացող զինեալներ կը փորձէին Այնթէպ նահանգի Օղուզելի քաղաքին վրայով ապօրինի կերպով դէպի Սուրիա մուտք գործել: Երեք զինեալներ սպաննուած եւ 11 ուրիշներ վիրաւորուած էին եւ վիրաւորներէն չորսը փոխադրուած էին նշեալ մօտակայ հիւանդանոցը: ՏԱՀԵՇ-ի վիրաւոր զինեալներուն մասին պաշտօնական որեւէ արձանագրութիւն չէ պահուած հիւանդանոցին մէջ: «Կը խորհիմ, որ հիւանդանոցի պատկան պատասխանատուները կը խուսափին նման բուժումի բացայայտումէն: Հիւանդանոցի բժիշկները կը մերժեն բուժել ՏԱՀԵՇ-ի վիրաւորները, սակայն կարգ մը բժիշկներ եկան ՏԱՀԵՇ-ի հակակշիռին տակ գտնուող Քիլիս քաղաքէն», յայտնած է անծանօթ աղբիւրը:
Նշենք, որ Այնթէպ 50 քիլոմեթրնոց սահմանային տարածք մը կը բաժնեկցի Սուրիոյ հետ: Նահանգին կեդրոնը կանգառ մը դարձած է արաբական երկիրներէն Սուրիա «թափանցել» փորձող զինեալներուն համար:
Ըստ իրաքցի երեսփոխան Մուաֆֆաք Ռուպահիի, «Սուրիոյ եւ Իրաքի ճակատներուն վրայ վիրաւորուող ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներ կը դիմեն այս հիւանդանոցը բուժումի համար»:


