
Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնի Հանրապետական կուսակցութեան միակ թեկնածու Տոնալտ Թրամփ «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանէն յայտնած է, որ մտադիր է նախընտրական քարոզարշաւին վրայ ծախսել 1 միլիառ տոլար:
Քաղաքական գործիչը յայտարարած է, որ իր նախընտրական շտապը պէտք է «լարուի» եւ 1 միլիառ տոլար հաւաքէ, որովհետեւ դեմոկրատականները ունակ են 2 միլիառ տոլար ներդրելու: Խօսքը ոչ թէ անձնական միջոցներու, այլ ընտրական հիմնադրամներու մասին է, որոնք «կը համալրուին» թեկնածուներու կողմնակիցներուն կողմէ:
Հանրապետական մեծահարուստ թեկնածուի անձնական կարողութիւնը կը գնահատուի շուրջ 4-4,5 միլիառ տոլարով:
Արդէն յստակ է, որ նախագահական ընտրութիւններու Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածուն միլիառատէր Տոնալտ Թրամփն է: Նախապէս յայտնի դարձած էր, որ հանրապետական թեկնածուներ Ճոն Քէյսիք եւ Թետ Քրուզ հրաժարած են նախնական ընտրապայքարէն:
Դեմոկրատականներու թեկնածուներու շարքին առաջին դիրքի վրայ է եւ կուսակցութեան հաւանական թեկնածուն է Հիլըրի Քլինթըն:


