
Հայաստանի կառավարութիւնը պիտի քննարկէ «Արցախի Հանրապետութիւնը ճանչնալու մասին» Հայաստանի օրէնքի նախագիծը, որ, օրէնսդրական նախաձեռնութեան կարգով, ներկայացուցած են Ազգային ժողովի պատգամաւորներ Զարուհի Փոստանջեանը եւ Հրանդ Բագրատեանը:
Նախագիծը ընդգրկուած է կառավարութեան 5 մայիսի նիստի օրակարգին վրայ:
Նախագիծին վերաբերող կառավարութեան եզրակացութեան մէջ նշուած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը ներկայացուած օրէնքի նախագիծի ընդունումը կը պայմանաւորէ Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ քննարկումներուն արդիւնքներով` նկատի ունենալով հետագայ զարգացումները, որոնց կարգին նաեւ արտաքին գործօնները:
Օրէնքի նախագիծը Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ քննարկելու յարակից զեկուցումով հանդէս պիտի գայ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան:


