Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լեւոն Տէր Պետրոսեան. «Հայաստանի Եւ Արցախի Իշխանութիւնները Կը Գործեն Հաստատակամ Ու Վստահ»

May 4, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

levon_50316

3 մայիսին Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ Հայաստանի առաջին նախագահ, ընդդիմադիր Հայ ազգային քոնկրեսի ղեկավար Լեւոն Տէր Պետրոսեանի հանդիպումը:

Լեռնային Ղարաբաղի նախագահական պաշտօնական կայքին համաձայն, հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են ղարաբաղեան-ազրպէյճանական սահմանին վրայ 2-5 ապրիլին հակառակորդին կողմէ սանձազերծուած լայնածիր պատերազմական գործողութիւններուն վերաբերող հարցեր: Սահակեան կարեւոր նկատած է այս ծանր օրերուն քաղաքական ուժերուն ցուցաբերած միասնականութիւնը եւ անոնց դերակատարութիւնը` հայ ժողովուրդին առջեւ ծառացած խնդիրներու լուծման առումով:

Մօտ մէկ ժամ տեւած առանձնազրոյցին չէ մասնակցած Լ. Տէր Պետրոսեանին հետ Ղարաբաղ մեկնած Հայաստանի Ազգային ժողովի նախկին նախագահ Բաբգէն Արարքցեան. այս տեղեկութիւնը լրագրողներուն փոխանցած է Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Դաւիթ Բաբայեան: Ան նշած է, որ Հայաստանի նախկին նախագահը Ստեփանակերտի մէջ հանդիպում ունեցած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նախագահին, վարչապետին, պաշտպանութեան բանակի ղեկավարութեան հետ. այդ հանդիպումներուն Արարքցեանը մասնակցած է:

Բակօ Սահակեանի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք` պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի այն հարցումին, թէ ի՞նչ հարցեր քննարկուած են` Լեւոն Տէր Պետրոսեան ըսած է. «Գիտէք այսօր մեզ յուզող բոլոր հարցերը, բնականաբար` այդ հարցերուն շուրջ էին խօսակցութիւնները: Գիտէք նաեւ ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններու մտահոգութիւնները, հաստատակամութիւնը, վստահութիւնը: Այնպէս որ, ես կը կարծեմ` իշխանութիւնները հանգիստ, զուսպ կը կատարեն այն, ինչ որ կը պահանջէ այսօրուան իրավիճակը»:

Դաւիթ Բաբայեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ Սահակեանի եւ Տէր Պետրոսեանի հանդիպումին ընթացքին «քննարկուած են տարբեր հարցեր, վստահաբար, յատուկ շեշտադրում եղած է վերջին այս զարգացումներուն, յատկապէս` 2-5 ապրիլի պատերազմին ընթացքին եւ անոր հետեւանքներուն»:

«Նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատած է մեր համախմբուածութիւնը` ընդգծելով, որ հայրենիքի համախմբուածութիւնը, Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութիւնը կը հանդիսանայ մեր բոլոր յաղթանակներուն հիմքը», շեշտած է Բաբայեան:

Լեռնային Ղարաբաղի նախագահին հետ հանդիպումով աւարտեցաւ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի երկուշաբթի օր սկսած Ստեփանակերտ այցելութիւնը:

 

 

Նախորդը

Քաղաքական-Դիւանագիտական Խորհրդակցութիւններուն Զուգահեռ Ընտրական Նախաձեռնութիւնները` Նախաքայլ Սահմանադրական Կառոյցներու Վերաշխուժացման

Յաջորդը

Պրազիլ Լեռնային Ղարաբաղի Խնդիրի Լուծումը Կը Տեսնէ Բացառապէս Խաղաղ Ճանապարհով

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.