Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փօլ Ֆարշախի «Մեծ Սովը» Վաւերագրական Ժապաւէնի Առաջին Ցուցադրութիւնը

April 29, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Paul3_42816

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ, երէկ` հինգշաբթի, 28 ապրիլ 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ «Մեծ սովը» վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութիւնն ու ներկայացումը, բեմադրութեամբ` Փօլ Ֆարշախին: Ձեռնարկին ներկայ էին պետական երեսփոխաններ, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի ներկայացուցիչը, պատասխանատու մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ հիւրեր:

Նանօր Տէր Սարգիսեան
Նանօր Տէր Սարգիսեան

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Նանօր Տէր Սարգիսեան: Ան Համազգայինի անունով բարի գալուստ մաղթելէ ետք ըսաւ, թէ վաւերագրական ժապաւէնը լաւագոյն միջոցներէն է պեղելու թաղուած պատմութիւնը, որպէսզի օգտակար դառնայ նոր սերունդին եւ ժողովուրդի յիշողութեան: Ան յայտնեց, թէ նորօրեայ բարբարոսութիւնները հասկնալու համար, պէտք է վերականգնել անցեալը, հասկնալ ներկան եւ դիմաւորել ապագան:

«Պատմութիւն դառնալը առաքելութիւն մըն է` լուսարձակի տակ առնելու տառապանք մը, որուն մասին կը խօսուի արգահատանքով միջազգային շահերէն մեկնած», ըսաւ ան եւ աւարտեց իր խօսքը նշելով,  թէ վաւերագրական ժապաւէնը կ՛ամփոփէ մարդկային խոր յոյզեր, որոնք կրնան չափանիշ ըլլալ երկրագունդի վրայ արդարութեան եւ համաշխարհային խաղաղութեան հաստատման:

Ժորժ Քըրտահի
Ժորժ Քըրտահի

Ելոյթ ունեցաւ Ժորժ Քըրտահի: Ան իր խօսքին սկիզբը շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինին` հրաւէրին համար, ապա ըսաւ, թէ վաւերագրական գործը իր նկարներով, կերպարներով, բացատրութեամբ, իրադարձութիւններով մեզի կը տանի համաշխարհային առաջին պատերազմի օրերուն, ուր մարդկային եւ պատմական ոճրագործութիւն մը կ՛իրագործուէր մեր նախահայրերուն դէմ` Լեռնալիբանանի մէջ, եւ այդ ոճրագործութիւնը կոչուած է ՍՈՎ:

Ժ. Քըրտահի դիտել տուաւ, որ երբ Փօլ Ֆարշախ գրողին ու բեմադրիչին գործը առաջին անգամ դիտած է, ողբերգութեան ահաւորութենէն ցնցուած եւ սովէն կմախքացած դիակներու պատկերներուն դիմաց ոչ միայն լացած, այլեւ բարկացած է: Ան ըսաւ. «Բեմադրիչը զիս տարաւ 100 տարի ետեւ` տեսնելու համար, թէ ի՛նչ կը կատարուէր այն օրերուն: Տեսայ անմեղ մարդիկ, որոնց պարտադրուեցաւ ծովային ու ցամաքային շրջափակում, արգիլուեցաւ սննդեղէնը, անոնք ձգուեցան անօթութեան, որպէսզի ժամանակը հնձէ անոնց կեանքերուն կէսը: 1915-1918 թուականներուն շուրջ 200 հազար զոհ տուաւ Լեռնալիբանանը:

Ժ. Քըրտահի հարց տուաւ, թէ կարելի՞ է խօսիլ Լեռնալիբանանի մեծ սովին մասին` իբրեւ պատմական սովորական ու պարզ իրադրութիւն: Կարելի՞ բան է մնալ այս հայրենիքին մէջ եւ շարունակել ծածկել պատմական ճշմարտութիւնները մեր անձերէն ու մեր զաւակներէն: Իրականութիւնները թաքցնելով, ցեղասպանութիւնները մոռնալով, բռնութիւններէն եւ պատմութենէն հրաժարելով արդեօք կրնա՞նք կերտել իսկական հայրենիք, որ կրնայ ապրիլ եւ շարունակել իր ամբողջ պարունակութեամբ:

Ան իր խօսքին մէջ մեղադրեց պետութիւնը եւ պետական կրթական ծրագիրները, որոնք Լիբանանի աշակերտներուն չեն սորվեցներ իսկական պատմութիւնը իրենց երկրին: Ան նաեւ մեղադրեց  իր շրջապատը, եկեղեցին, առաջնորդները, որոնք չեն սորվեցուցած իրեն պատմութիւնը այնպէս, ինչպէս որ էր, որ կերտուած է պայքարով, արեամբ, համբերութեամբ ու քրտինքով: Ան դիտել տուաւ, թէ ծրագրուած Հայոց ցեղասպանութիւնը  հաստ կապով մը կապուած է Լեռնալիբանանի բնակչութիւնը ցեղասպանութեան ենթարկելու  փորձին հետ:

Ժ. Քըրտահի եզրափակեց իր խօսքը ըսելով. «Այսօր Լիբանանի սահմանները նոյնպէս վտանգուած են, իսկ մենք տարուած ենք երկրորդական հարցերով: Հասկնանք պատմութենէն, թէ որքան կեանքը արժէքաւոր է. պայքարինք` պահելու համար մեր կեանքը, որովհետեւ սիրելի ու թանկագին է անիկա»:

 Փօլ Ֆարշախ
Փօլ Ֆարշախ

Ժորժ Քըրտահիի խօսքէն ետք ներկայացուեցաւ Փօլ Ֆարշախի «Մեծ սովը» վաւերագրական ժապաւէնը, որ կը խօսի 1914-1918 թուականներուն Լեռնալիբանանի մէջ տեղի ունեցած պատմական իրադարձութիւններուն մասին:

Խօսք առաւ գրող եւ բեմադրիչ Փօլ Ֆարշախ: Ան ըսաւ, թէ ներկայացուած պատմութիւնը Լիբանանի պատմութիւնն է. 100 տարի ետք պատմութեան դասագիրքերուն մէջ տողով մը միայն յիշուած է Լեռնալիբանանի սովին մասին: Ան յայտնեց, թէ աշխատանքի ընթացքին յուզուած է խորապէս, ապա ըսաւ. «Վա՜յ գանկերու վրայ կառուցուած այն ազգին, որուն զաւակները չեն գիտեր, թէ որո՛ւ կը պատկանին այդ գանկերը»:

Sam-Racoubian_42916Փօլ Ֆարշախ խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց Ժորժ Քըրտահիին եւ տոքթ. Անթուան Պուսթանիին: Ան  յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Սամ Րագուպեանին եւ ըսաւ, թէ գործը չէր յաջողեր եթէ չըլլար Սամ Րագուպեանի օգնութիւնը եւ հովանաւորութիւնը:

Ձեռնարկի աւարտին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Սեպուհ Այնթապլեան եւ Ժորժ Քըրտահի Փօլ Ֆարշախին յանձնեցին Համազգայինի յուշանուէրը` իբրեւ երախտագիտութեան եւ շնորհակալութեան ջերմ արտայայտութիւն:

Paul4_42816

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 101-Ամեայ Պայքարին Կտակով` ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւնները Կը Մասնակցին Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Ձեռնարկներուն

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց ՀՅԴ-ի Պատուիրակութիւնը

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.