
Երէկ երեկոյեան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւն տարածած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուած է. «Սոյն թուականի 2-5 ապրիլին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դէմ սանձազերծուած լայնածաւալ գործողութիւններէն ետք Ազրպէյճանի իշխանութիւնները կը շարունակեն ջանքեր գործադրել վերջնականապէս խափանելու տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթը եւ զայն տեղափոխելու զինուորական հարթութիւն: Այդ մասին կը վկայեն 12 մայիս 1994-ին կնքուած զինադադարի եռակողմանի համաձայնագիրը միակողմանիօրէն չեղեալ նկատելու` ՄԱԿ-ի եւ ԵԱՀԿ-ի մէջ Ազրպէյճանի կողմէ ձեռնարկուած փորձերը: Միեւնոյն ժամանակ ազրպէյճանական կողմը կը դիմէ արդէն աւանդական դարձած խարդախութեան եւ մեքենայութիւններու փորձերուն` փորձելով մեղքը դնել հայկական կողմին վրայ եւ այդ միջոցով խուսափիլ պատերազմ սանձազերծելու համար պատասխանատուութենէ:
«Այս առիթով անհրաժեշտ կը նկատենք յիշեցնել, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ 12 մայիս 1994-ին անժամկէտ կնքուած համաձայնագիրը կը հանդիսանայ ղարաբաղեան-ազրպէյճանական տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ միակ իրական ձեռքբերումը: Այս համաձայնագիրին շնորհիւ է, որ խաղաղ բանակցութիւններուն հիմք դրուեցաւ եւ տագնապի արդարացի եւ վերջնական լուծման ուղղուած միջնորդներու գործունէութեան համար պայմաններ ստեղծուեցան:
«Կիսելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն տեսակէտը այն մասին, որ սոյն համաձայնագիրը, ինչպէս նաեւ փետրուարի 1995-ին կնքուած համաձայնագիրը հիմք կը հանդիսանան զինադադարի եւ անոր ամրապնդման համար, չափազանց կարեւոր կը նկատենք միջազգային հանրութեան եւ միջնորդ երկիրներու դիրքորոշումներու միաւորումը արդիւնաւէտ եւ անյետաձգելի միջոցներ ձեռնարկելու հարցին մէջ`ստիպելու Ազրպէյճանին հաւատարիմ ըլլալ նշուած համաձայնագիրներու շրջագիծին մէջ ստանձնած պարտաւորութիւններուն:
«Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ նշուած համաձայնագիրները վերանայելու ազրպէյճանական իշխանութիւններու որեւէ փորձ` անիկա գնահատելով իբրեւ հերթական պատերազմ սանձազերծելու Ազրպէյճանի բացայայտ մտադրութիւն, եւ անհրաժեշտ կը նկատէ մայիս 1994-ին հաստատուած զինադադարի դրութեան լիակատար վերականգնումը:
«Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ անոր բնակչութեան անվտանգութեան ապահովման, ինչպէս նաեւ շրջանի խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման նպատակով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իշխանութիւնները կը ձեռնարկեն դիւանագիտական եւ հաւանական այլ միջոցներ` 12 մայիս 1994-ի եւ 6 փետրուար 1995-ի համաձայնագիրներու լիակատար իրագործումը ապահովելու եւ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ ծրագրուած յանցագործ քայլերով իրադարձութիւններու զարգացման հաւանականութիւնը բացառելու համար»:
Մարտակերտն Ու Մատաղիսը Ռմբակոծման Թիրախ.
Երկու Զինուորներ` Նահատակուած
Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն ետք 25 ապրիլի գիշերը ղարաբաղեան-ազրպէյճանական շփման գիծին վրայ իրավիճակը ամէնէն լարուածն էր: Բացի մարտական դիրքերէ ռմբակոծուած են նաեւ բնակավայրեր:
Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ ազրպէյճանական կողմէն զինադադարի դադրեցման պայմանաւորուածութիւններու խախտման իբրեւ հետեւանք զոհուած են պայմանագրային զինուորներ 24-ամեայ Տիգրան Պօղոսեան եւ 44-ամեայ Արամ Առուշանեան:
Ըստ հաղորդագրութեան, 26 ապրիլի կանուխ առաւօտեան ազրպէյճանական կողմը կրակի դադրեցման մասին պայմանաւորուածութիւնը խախտած է աւելի քան 80 անգամ` «օգտագործելով իր զինանոցին մէջ գտնուող գրեթէ բոլոր տեսակի հրետանային միջոցները եւ զրահապատները»:
Մասնաւորապէս նշուած է տարբեր տեսակի արկերու, ականանետերու, նռնականետերու, հրասայլի, զենիթային ու հեռահար հրթիռային գործիքներու օգտագործման մասին:
Ըստ ղարաբաղեան կողմին, բացի մարտական դիրքերէն, հակառակորդը «Կրատ» կայանքներէ ռմբակոծած է Մարտակերտ քաղաքն ու Մատաղիս գիւղը:
Մարտակերտի շրջանի վարչակազմի աշխատակազմի ղեկավար Սասուն Յարութիւնեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ նոյնիսկ քառօրեայ պատերազմի օրերուն քաղաքը նման արկակոծման չէր ենթարկուած: Ան նշած է, որ քաղաքացիներ չեն զոհուած:
«Գիշերը, ժամը 1:00-ի սահմաններուն սկսած է Մարտակերտ քաղաքի հրետակոծութիւնը: Նշեմ, որ աւելի յաճախակի, քան քառօրեայ պատերազմի ժամանակ: Քանդուած են բնակելի տուներ, խանութ մը, քաղաքապետարանի շէնքը, առեւտուրի ապրանքները եւ ուրիշ այլ բաներ: Մարդկային զոհեր, փառք Աստուծոյ, չունինք: Համոզուած կրնամ ըսել, որ իրենք դիտմամբ քաղաքը, քաղաքի կեդրոնը կը ռմբակոծեն». ըսած է Յարութիւնեան:
Յարութիւնեանի համաձայն, անկախ պատերազմական վիճակէն, բնակիչները չեն միտիր իրենց տուները լքել: Իսկ Մատաղիսի դպրոցին տնօրէնը, որ ժամանակաւորապէս կը փոխարինէ նաեւ ապրիլեան բախումներուն սկիզբը վիրաւորուած գիւղապետը, ըսած է, որ զինադադարի պայմանաւորուածութենէն ետք ասիկա արդէն երկրորդ գիշերն է, որ գիւղը արկերու տարափին ենթարկուած է:
Մատաղիսցիները եւս, ըստ դպրոցին տնօրէնին, գիշերները կը պատսպարուին ռմբակոծումէն, իսկ ցերեկները կը շարունակեն իրենց աշխատանքը: «Խուճապ չկայ, առաջին երկու պայթումներէն անմիջապէս կը մտնենք ապաստարաններ, նկուղներ, կը սպասենք, որ ձայները դադրին, որմէ ետք դուրս կու գանք», բացատրած է դպրոցին տնօրէնը:
Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան համաձայն, ազրպէյճանական կողմի նախայարձակ գործողութիւնները չէզոքացնելու նպատակով ղարաբաղեան բանակը դիմած է կանխարգելիչ քայլերու եւ թիրախային հարուածներ հասցուցած անոր առաջնային դիրքերուն ու կրակային յենակէտերուն` պատճառելով կենդանի ուժի եւ սպառազինութեան նշանակալի կորուստներ:
Ըստ հաղորդագրութեան, 26 ապրիլի առաւօտուն շփման գիծի ամբողջ երկայնքին իրավիճակը համեմատաբար աւելի հանդարտ էր: Ազրպէյճանի պաշտպանութիւն նախարարութիւնը ցարդ իր զոհերուն մասին տեղեկութիւն չէ հաղորդած:
Միւս կողմէ, երէկ երեկոյեան Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուած է. «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակէն ստացուած տեղեկատուութեան համաձայն, 26 ապրիլի օրուան ընթացքին եւ այս պահու դրութեամբ հակառակորդը կը շարունակէ յաճախակի հրետակոծութեան ենթարկել ինչպէս ամբողջ առաջնագիծը, այնպէս ալ խաղաղ բնակավայրերը` կիրարկելով տարբեր տրամաչափի ականանետեր եւ թնդանօթներ, ՄՄ-21 (Կրատ) կայանքներ եւ 9Մ33 Մ3 տիպի զենիթահրթիռային համակարգեր:
Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ ստորաբաժանումները հակառակորդին գործողութիւնները ճնշելու համար կը ձեռնարկեն պատժիչ գործողութիւններու` անոր հասցնելով կենդանի ուժի եւ զինատեսակներու մեծ կորուստներ:
Այս պահու դրութեամբ առաջնագիծին մէջ իրադրութիւնը կը շարունակէ մնալ լարուած, որուն վերաբերեալ պարբերաբար կը տեղեկացուի ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփրչիքը: Դեսպանին հետ 26 ապրիլի երեկոյեան հանդիպած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Դաւիթ Տօնոյեան: Հանդիպումին ընթացքին ներկայացուած են ղարաբաղեան-ազրպէյճանական զինուած դիմակայութեան գօտիին մէջ տիրող իրավիճակը եւ Ազրպէյճանի սադրիչ գործողութիւնները: Ընդգծուած է ԵԱՀԿ-ի դերը զինուած դիմակայութեան գօտիին մէջ լարուածութեան թուլացման գործին մէջ, ինչպէս նաեւ դէպքերու հետաքննութեան գործիքակազմերու շուտափոյթ ներդրման անհրաժեշտութիւնը»:


