Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճ. Զօրակցական Հաւաք` Արցախահայութեան Եւ Հայոց Բանակին

April 21, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG-20160418-WA0002

Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճի աշակերտութիւնը արցախահայութեան եւ հայոց բանակին նուիրուած իր զօրակցական հաւաքով անմասն չմնաց ընդհանրապէս սփիւռքի եւ մասնաւորապէս Լիբանանի հայկական վարժարաններուն մէջ նոյն առիթով կազմակերպուող ձեռնարկներէն:

Ապրիլ 6-ի «Բարի լոյսը» աշակերտներուն մաղթեց դպրոցի տնօրէն Նելլի Վէքիլեան, որ անդրադարձաւ ԼՂՀ մէջ ազերիներուն կողմէ զինադադարի խախտումի պատճառով հիւսիսարեւելեան շրջաններու մէջ բռնկած պատերազմի մասին: Ան կոչ ուղղեց զօրակցիլ եւ կարելիութեան սահմաններուն մէջ օժանդակել արցախահայութեան եւ հայոց բանակի անձնուէր զինուորներուն, ըլլալ զգաստ ու պատրաստ` դիմակայելու ամէն տեսակի դժուարութիւն, իսկ իր խօսքի աւարտին խնդրեց, որ առաւօտեան աղօթքը նուիրուի Արցախի մէջ զոհուած զինուորներու խնկելի յիշատակին, ինչպէս նաեւ` առաջին գիծի վրայ կռուող հայ մարտիկներուն:

Եւ հնչեց «Առաւօտ լուսոյ»-ն. հնչեց սովորականէն տխո՜ւր, բայց ոչ յուսահատական, տխո՛ւր, բայց  ցասկոտ… 12-րդ դարէն երգուող «Արեգակն արդար»-ը ե՞րբ պիտի ըլլար վերջապէս արդար` հայոց աշխարհին համար: «Արեգակն արդար»-ը ե՞րբ պիտի ըլլար արդար եւ ընդմիշտ սրբէր երկրորդ տասնամեակը չբոլորած զաւակի կորուստը սգացող հայ մօր արցունքները, «Արեգակն արդար»-ը ըլլար արդար ու սպասող մանուկներուն ողջ վերադարձնէր իրենց զինուոր հայրերը սահմանապահ: «Արեգակն արդար»-ը ըլլար  աւելի՛ արդար ու մէկ կողմ նետէր հայու թափառական ցուպը եւ համախմբէր ցիրուցան եղած հայութիւնը միացեալ Հայաստանի մէջ` վերջ տալով հայոց ազգի ցաւին ու տագնապին… Այս մտածումներով աշակերտները անցան իրենց աշխատանքներուն, եւ դպրոցական օրը ընթացաւ սովորականէն լուռ: Աւելի ուշ միջնակարգի աշակերտները խմբուեցան գրադարանի սրահը: Սահիկներու ցուցադրութեամբ Սիլվի Աբէլեան, ԼՂՀ պատմական կարեւորագոյն իրադարձութիւններուն անդրադառնալէ ետք, աշակերտութիւնը իրազեկ դարձուց ազերիական նախայարձակումին, հայկական կողմի դիմադրութեան, դիրքերուն, զոհերու եւ այլ տուեալներու: Աշակերտները դիտեցին նաեւ հայոց բանակի մարտունակութեան, ուժի եւ սպառազինութեան մասին խօսող տեսերիզներ:  Հաւաքի աւարտին աշակերտները, ըմբռնելով Արցախին սպառնացող վտանգը, բայց նոյն ատեն հաւատալով հայ բանակի հզօրութեան եւ անկոտրում կամքին,  ոգեւորուած երգեցին ազգային-հայրենասիրական երգեր: Հոգու խորերէն մեկնաբանուած երգերը վկայեցին, որ հայ պատանին տէրն ու ժառանգորդն է իր հողին, իր ազգային արժէքներուն, իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ կրնայ պայքարիլ եւ իր զօրակցութիւնը ամրագրել Արցախի պատանիներու թիկունքին:

 

Նախորդը

«Կամար»-ը Լիբանանահայ Արուեստասէրին Պիտի Ներկայացնէ Հայկական Արժէքներ

Յաջորդը

Հոգեւոր Լսարանի Մասնակիցներ Կը Խնդրեն Նահատակ Սուրբերուն Բարեխօսութիւնը

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.