Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կամար»-ը Լիբանանահայ Արուեստասէրին Պիտի Ներկայացնէ Հայկական Արժէքներ

Ապրիլ 21, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Kamila&Armine_42116

Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակին առիթով, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ «Կամար» դաշնամուրային երկեակը այսօր` հինգշաբթի, 21 ապրիլի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի հոլ»-ին մէջ ելոյթ կ՛ունենայ, գործակցութեամբ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին: Ձեռնարկը կը վայելէ հովանաւորութիւնը Լիբանանի մշակոյթի նախարար Ռեմոն Արայժիի, նախագահութիւնը` տէր եւ տիկին Յովիկ եւ Մարալ Քիւրքճեաններու: Այս առիթով զրոյց մը կատարուեցաւ «Կամար»-ի անդամներ Կամիլա Երկանեան-Քէշիշեանի եւ Արմինէ Ապաճեան-Պասմաճեանի հետ: «Վանայ ձայն»-էն սփռուած զրոյցը վարեց Լոռիկ Սապունճեան-Ծատուրեան:

Երկեակին տրուած անուան մասին խօսելով` Կամիլա Երկանեան-Քէշիշեան դիտել տուաւ, որ իրենք երկուքն ալ հասակ նետած են երաժիշտներու-արուեստագէտներու ընտանիքներու յարկին տակ եւ փոքրուց եղած են պատանի դաշնակահարներ` ելոյթներ ունենալով տարբեր համերգներու թէ մենահամերգներու ընթացքին: Ուստի, ինք մանկութենէն փափաք ունեցած է կազմել դաշնամուրային երկեակ, սակայն չէր երեւակայեր, որ այդ մէկը տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի մէջ Հայաստան ծնած դաշնակահար Արմինէ Ապաճեան-Պասմաճեանի հետ, որ թոռնուհին է վաստակաւոր երաժշտահան-դաշնակահար եւ մանկավարժ Ռոբերտ Անդրէասեանի, որուն ստեղծագործութիւնները փոքր տարիքէն մինչեւ օրս կը կատարեն, եւ որ մեծ աւանդ ունի նաեւ հայ դաշնամուրային նուագացանկը հարստացնելու մէջ: Ան աւելցուց, որ երկուքին մայրերն ալ եղած են դաշնակի ուսուցչուհիներ, այդպիսով կամրջում մը ստեղծուած է արդէն իրենց միջեւ: «Նախորդ տարի ստեղծեցինք «Կամար» դաշնամուրային երկեակը, որ արդէն իր անդրանիկ ելոյթը ունեցաւ անցեալ տարի   Լիբանանի պետական երաժշտանոցին կազմակերպութեամբ եւ հովանաւորութեամբ: Այս անունը ընտրեցինք, որովհետեւ 2 դաշնակահարուհիներ կու գան կամարուելու, եւ այս պարագային ձեւով մը երաժշտութիւնը մեզ կը կամարէ, եւ գեղեցիկ զուգադիպութեամբ մը կամար բառին մէջ նաեւ կան մեր անուններուն առաջին վանկերը` «կա» եւ «ար», իսկ «մ»-ն ալ որպէս երաժշտական մասնիկ երկուքս կը կամարէ: Այսպիսով ստեղծուեց Կամար դաշնամուրային երկեակը»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք զոյգ դաշնակի համար գրուած յօրինումներ կա՞ն, մանաւանդ որ ընդհանրապէս մեծ թիւով երաժիշտներ յօրինած են ու կը յօրինեն ստեղծագործութիւններ լարային համոյթներու համար, սենեկային նուագախումբերուն համար,  Արմինէ Ապաճեան-Պասմաճեան ըսաւ, որ իրենք պիտի ներկայացնեն հայկական դասական բազմաժանրային ստեղծագործութիւններ, որոնց մէջ կան կտորներ միայն երկու դաշնակի համար գրուած, եւ կան նաեւ փոխադրումներ, որոնց մէջ օրինակ Ա. Խաչատրեանի «Գայեանէ» պալէի երեք կտորներ, Ղայթարման Սպենդեարովի «Ղրիմեան եսքիզներ»-ը, զոր ան գրած է սիմֆոնիք նուագախումբի համար եւ փոխադրուած է երկու դաշնամուրի համար, կայ Էտկար Յովհաննիսեանի պալէէն կտորներ, ինչպէս նաեւ երկու դաշնակի յատուկ այլ փոխադրումներ:

Երկու դաշնակի համար եղած ստեղծագործութիւններուն մասին խօսելով`  Կամիլա Քէշիշեան յայտնեց, որ իրենք պիտի կատարեն Առնօ Բաբաջանեանի, Ալեքսանդր Յարութիւնեանի եւ Էդուարդ Միրզոյեանի երաժշտական տարբեր, բազմաբնոյթ, բազմաոճ պատկերներ, որոնք կա՛մ գրուած են երկու դաշնակի համար, եւ կա՛մ յարմարցուած են: Այսպիսով նուագացանկը բաւականին հարուստ է, հաստատեց ան:

Երգացանկի ընտրութիւնը կատարուած է երկու արուեստագէտներուն նախասիրութիւններու հիման վրայ, որոնք թէեւ տարբերութիւններ ունին, սակայն նաեւ կան հասարակաց գիծեր, ուստի երկու դաշնակահարները հաստատեցին, որ իրենք զիրար կը լրացնեն:

Զրուցակիցները բացատրած են, որ ծրագիրին մէջ կան ստեղծագործութիւններ, զորս պիտի նուագեն իւրաքանչիւրը անջատ դաշնակի վրայ, ինչպէս նաեւ կան ուրիշներ, որոնց պարագային իրենք պիտի միանան մէկ դաշնակի վրայ` 4 ձեռք: Տարբերութիւնը այն է, որ երբ երկուքով նստած են մէկ դաշնակի վրայ, իրենցմէ մէկը թաւ բաժինին վրայ պիտի նուագէ. ձայնային հնչողութիւնը մէկ դաշնամուրի հնչողութիւնն է, բայց երբ երկրորդ դաշնակ կ՛աւելնայ, ձայնային մեծ հզօրութիւն կը ստեղծուի:

Կամիլա Երկանեան-Քէշիշեան եւ Արմինէ Ապաճեան-Պասմաճեան շուրջ մէկ ժամ տեւողութեամբ լիբանանահայ արուեստասէրներուն պիտի հրամցնեն իրենց աշխատանքին արգասիքը: Կ. Երկանեան-Քէշիշեան յայտնեց, որ առաջին ելոյթէն ետք փափաքած են, որ երկրորդ ելոյթը ըլլայ զուտ հայկական եւ այդ ուղղութեամբ աշխատանք տարած են: Գեղեցիկ զուգադիպութեամբ մը Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութենէն առաջարկ ստացած են Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած ելոյթ մը կայացնելու եւ ընդառաջած են: Այս առիթով անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին Շրջանային վարչութեան` այն նախաձեռնութեան համար:

 

 

Նախորդը

Թեաթրոն Թատերախումբի Նախաձեռնութեամբ` «Վաճառորդի Մը Մահը» Տպաւորիչ Ներկայացումը

Յաջորդը

Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճ. Զօրակցական Հաւաք` Արցախահայութեան Եւ Հայոց Բանակին

RelatedPosts

Մկրտիչ Եւ Լիանա Միքայէլեաններու Համերգը
Անդրադարձ

Մկրտիչ Եւ Լիանա Միքայէլեաններու Համերգը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրական Հայաստան Եւ Իրական Ամբարիշտներ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?