
Շուտով լոյս կը տեսնէ «Ազդակ»-ի ապրիլեան բացառիկը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն մեր 35 աշխատակիցները:
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին յաջորդող հանգրուանին մասին իրենց մտածումներն ու վերլուծումները «Ազդակ»-ին ճամբով կը հրապարակեն ինչպէս լիբանանահայ գաղութէն, այնպէս նաեւ տարբեր երկիրներէ «Ազդակ»-ին աշխատակցող մամուլի գործիչներ եւ մտաւորականներ:
«Ազդակ-բացառիկ»-ի հովանաւորներն են «Ազդակ»-ի բարեկամ եւ մնայուն աջակից տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեանները, որոնք գործակցելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հետ իրականացուցին 100-ամեակի սփիւռքեան ամէնէն հիմնական ծրագիրները:
Մեր շնորհակալութիւնները:


