Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մամուլին Մէջ Հրապարակուած Է Ռուսիոյ Կողմէ Երեւանին Ու Պաքուին Վաճառուող Սպառազինութիւններու Ցանկը

April 11, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

weapons_41016

«Նիուզ» կը հաղորդէ, որ լրատուամիջոցներ հրապարակած են Ռուսիոյ կողմէ Հայաստանին ու Ազրպէյճանին վաճառուող սպառազինութիւններուն ցանկը:

2000 թուականէն Ազրպէյճան սկսած է աշխուժ կերպով զէնք գնելու Ռուսիայէն, սակայն համաձայնագիրներու առաւել մեծ թղթածրար մը ստորագրուած է 2010-ականներուն սկիզբը եւ կը գնահատուի առնուազն չորս միլիառ տոլարով: Անով Պաքուն ստացած է մօտաւորապէս 100 հատ Տ-90ս հրասայլ, 100 հատ ՀՄՄ-3, 18 նմուշ «Մստա Ս» 2ս 19 մ1 ինքնագնաց հրետանային սարքաւորում,  18 նմուշ «Վեսնա» 2ս31 ինքնագնաց հրետանային սարքաւորում, 18 նմուշ 9ա52 «Սմերչ»  տեսակի համազարկային կրակի համակարգ, 18 նմուշ ՏՕՍ-1Ա «Սոլնցեպէոկ» ծանր հրանօթային  համակարգ, 10 նմուշ «Քրիզանթեմ Ս» հակահրասայլային մարտական մեքենայ եւ 300 նմուշ «Իկլա Ս» շարժական զենիթահրթիռային համալիր` 1500 հրթիռներով եւ ճարտարագիտական-սակրաւորային մեծ համակարգ: Այս մասին գրած է «Լենթա»:

Բացի ատկէ, Ազրպէյճանին փոխանցուած են «Ֆաւորիտ» տեսակի Ս-300 Պմու-2 հեռահար զենիթահրթիռային համակարգի 2 գումարտակ եւ քանի մը մարտկոց «Տոր-Մ2» զենիթային համալիր: Ազրպէյճանցիները ստացած են 60 նմուշ Մի-17 ուղղաթիռ եւ 24 նմուշ  Մի-35 մ հարուածային ուղղաթիռ:

Հայաստանի գնած զէնքը աւելի համեստ ցանկ ունի: Յայտնի է, որ վերջին տարիներուն Հայաստան ստացած է Տ-72 Բ նմուշի 35 հրասայլ եւ չճշդուած նմուշի 100 մարտական մեքենայ (փորձագէտները կը կարծեն, թէ ատիկա կրնայ ըլլալ զրահափոխադրիչ 80 կամ արդիական ՀՄՄ-2), 50 շարժական զենիթահրթիռային համալիրներ:

Աւելի կանուխ որոշում տրուած էր Երեւանին 200 միլիոն տոլար արտածման վարկ տրամադրելու` ռուսական սպառազինութիւններ գնելու համար: Գործարքը մինչեւ հիմա չէ կատարուած: Նախօրէին Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւի հետ հանդիպման ընթացքին խնդրած էր արագացնել Հայաստանին զէնքի տրամադրման համաձայնագիրի կնքման հոլովոյթը: «Մենք շնորհակալ ենք ռուսական կողմէն պետական արտահանման վարկի տրամադրման համար` Հայաստանի կարիքներուն համար զինուորական արտադրանքի մատակարարման ֆինանսաւորման նպատակով: Սակայն, համաձայնութեան իրագործման հոլովոյթին մէջ կան որոշակի դանդաղումներ, այդ պատճառով ձեզմէ կը խնդրեմ «Ռոսոպորոն էքսփորթ»-ին հրահանգներ տալ համաձայնագիրը կնքելու վերաբերեալ», ըսած է Աբրահամեան:

 

Նախորդը

Միջազգային Լրատուամիջոցներ Արցախի Մէջ Ազրպէյճանական Բանակի Գործողութիւնները Կը Նմանցնէ ՏԱՀԵՇ-ի Վայրագութիւններուն

Յաջորդը

Ազրպէյճանական Յարձակումէն Մէկ Օր Առաջ Իսրայէլ Պաքուն Զինած Է Գերարդիական Հրթիռներով

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.