Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քոնկրեսականներ Օպամային Կոչ Ուղղած Են Զերոյի Իջեցնելու Ռազմական Օգնութիւնը Ազրպէյճանին

April 9, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Congress_2016

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբէն «Արմէնփրես»-ին յայտնած են, որ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի հայկական հարցերու յանձնախումբը Միացեալ Նահանգներու նախագահին կոչ ուղղած է զերոյի իջեցնելու Ազրպէյճանին տրամադրուող ռազմական օգնութիւնը:

Յայտարարութիւնը ստորագրած են հայկական հարցերու յանձնախումբի համանախագահներ հանրապետական Ռապըրթ Տոլտ եւ դեմոկրատական Ֆրենք Փալոն: Նամակին մէջ կոչ կ՛ուղղուի յստակօրէն դատապարտելու Ազրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ սանձազերծուած ռազմական գործողութիւնները, դադրեցնելու Միացեալ Նահանգներու ռազմական օգնութիւնը Ազրպէյճանին եւ անյապաղ օժանդակութիւն տրամադրելու Լեռնային Ղարաբաղին:

Քոնկրեսականները նաեւ կոչ ուղղած են Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն փաստահաւաք առաքելութիւն ուղարկելու Լեռնային Ղարաբաղ` գնահատելու համար ազրպէյճանական յարձակումին իբրեւ հետեւանք Արցախի բնակչութեան կրած վնասները:

«Ազրպէյճանի յարձակումները ցոյց կու տան նախագահ Ալիեւի քայքայիչ յարձակումին տեսակը, որ կ՛ուղեկցի պատերազմի վերսկսման սպառնալիքներով, հակահայկական ատելութեան խթանումով եւ յարձակումները ցոյց կու տան նաեւ Ալիեւի երազանքը` գործել միջազգային անպատժելիութեան մէջ, զոր դրսեւորեց Ձեր վարչակազմին կողմէ աջակցութիւն ստացած եւ շատ անհրաժեշտ Ռոյս-Էնկել առաջարկներու մերժումով», նշուած է նամակին մէջ:

Նոյնպիսի բովանդակութեամբ եւ Ազրպէյճանին տրամադրուող ռազմական օգնութեան դադրեցումի կոչով քոնկրեսականները այլ նամակ մըն ալ յղած են Քոնկրեսի արտաքին յատկացումներու յանձնախումբի համանախագահներ Քէյ Կրենկերին եւ Նիթա Լոուիին:

 

Նախորդը

Զինուորներու Դիակներու Յայնաբերում` Շփման Գիծին Վրայ

Յաջորդը

Լաւրով. «Հիմնական Խնդիրը Բռնութիւններու Վերսկսումը Կանխարգիլելն Է»

RelatedPosts

Սահմանազատման Յաջորդ Փուլը Կրնայ Կատարուիլ Սիւնիքի` «Թրամփի Ուղի»-ի Հատուածին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Սահմանազատման Յաջորդ Փուլը Կրնայ Կատարուիլ Սիւնիքի` «Թրամփի Ուղի»-ի Հատուածին Մէջ

November 4, 2026
Լաւրով. «Մոսկուան Յոյս Ունի,  Որ «3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումը  Մօտիկ Ապագային Տեղի Կ՛ունենայ»
Հայկական

Լաւրով. «Մոսկուան Յոյս Ունի, Որ «3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումը Մօտիկ Ապագային Տեղի Կ՛ունենայ»

November 4, 2026
Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի  Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Համաձայնագիրի  Շուտափոյթ Կնքման Յոյս Ունի»
Հայկական

Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Համաձայնագիրի Շուտափոյթ Կնքման Յոյս Ունի»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.