
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ ներկայիս հիմնական խնդիրը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ բռնութիւններու վերսկսումը կանխարգիլելն է:
«Երէկ նախագահ Ալիեւի հետ հանդիպումի ընթացքին ես քննարկած եմ երեք-չորս տարի առաջ Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ նախագահներուն որդեգրած յայտարարութիւններուն վերադառնալու անհրաժեշտութիւնը, յուսամ` ատիկա պիտի քննարկեմ նաեւ Հայաստանի ղեկավարութեան հետ», ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը` աւելցնելով, որ բացի քաղաքական լուծման ջանքերէն եւ համաձայնութեան փնտռտուքէն, անհրաժեշտ է նաեւ կայունացնել իրավիճակը շփման գիծին վրայ:
Ըստ անոր, միջադէպերուն իբրեւ հետեւանք երկու կողմերուն մօտ կան գերիներ, կայ զոհերու մարմիններու փոխանակման անհրաժեշտութիւն: «Կայ նաեւ արձակազէնները շփման գիծէն հեռացնելու միտքը: Վտանգաւոր է, երբ մարդիկ ժամերով իրարու կը նային զէնքի նշանացոյցի միջոցով, վտանգաւոր են նոյնիսկ վայրկեանները, ոմանք կրնան տիրապետումը կորսնցնել: Այս միտքը տակաւին վաղուց կար», նշած է Լաւրով:
Ան նաեւ շեշտած է, որ այս հարցին առնչութեամբ Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ նախագահները ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի միւս համանախագահ երկիրներուն` Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի հետ միասնաբար մշակած են շօշափելի քայլեր: «Նոյնիսկ փաստաթուղթ կայ, որ տակաւին հաւանութեան չէ արժանացած, սակայն ատոր շուրջ աշխատանքը կը շարունակուի: Ես կը հաւատամ, որ ներկայ իրավիճակը պիտի խթանէ բոլորս այս միջոցներուն հաւանութիւն տալու եւ կարելի եղածին չափ զանոնք արագ կեանքի կոչելու», ըսած է Լաւրով: Ան այդ հարցը քննարկած է նաեւ Ազրպէյճանի նախագահի հետ, որ հաւանութիւն տուած է առաջարկներուն, սակայն ոչ թէ սթաթիւս-քոն երկարաձգելու, այլ իրավիճակը կայունացնելու եւ քաղաքական հոլովոյթի համար շրջանակ ստեղծելու նպատակով:
Լաւրով յիշեցուցած է, որ նախագահներ Փութինը եւ Մետվետեւը տարբեր ժամանակաշրջանին ընթացքին շարք մը գաղափարներ առաջարկած են, թէ ինչպէ՛ս կարելի է լուծել իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ` «ազատելով Լեռնային Ղարաբաղի շրջակայ տարածքները եւ միաժամանակ լուծելով անոր կարգավիճակի հարցը»: «Ես մանրամասնութիւններու մէջ չեմ մտներ, սակայն անոնց մէկ քանին տակաւին բանակցային սեղանի վրայ են: Երէկ Ազրպէյճանի նախագահին հետ հանդիպումին ժամանակ մենք քննարկած ենք այս հարցերը եւ պիտի շարունակենք մեր ջանքերը այս ուղղութեամբ», ըսած է Ռուսիոյ դիւանագիտութեան պետը:
Լաւրով նաեւ նկարագրած է նախորդող օրերու շարք մը իրադարձութիւններ` մասնաւորաբար յիշեցնելով նախագահ Փութինի հեռաձայնային հաղորդակցութիւնները Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի իր գործընկերներուն հետ: «Կրակոցի դադրեցման համաձայնութիւնը ձեռք բերուած է Ազրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ զինեալ ուժերու սպայակոյտերուն մակարդակով. մենք միջնորդած ենք այս հոլովոյթին մէջ: Զինադուլը հիմնականին մէջ կը պահպանուի, մենք կը հետեւինք իրավիճակին: Կարեւորագոյնը այն է, որ կողմերը վերահաստատած են իրենց յանձնառութիւնը զինադուլի դրութեան պահպանման», նշած է Սերկէյ Լաւրով:


