
7 ապրիլին Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուական կեդրոնին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան խօսեցաւ ղարաբաղեան-ազրպէյճանական սահմանին վրայ 1-5 ապրիլին հակառակորդին կողմէ սանձազերծուած պատերազմական լայնածիր գործողութիւններուն սկսման մասին, անդրադարձաւ ղարաբաղեան տագնապի ակունքներուն, ինչպէս նաեւ գնահատական մը տուաւ վերջին դէպքերուն նկատմամբ միջազգային ընտանիքին դիրքորոշման` հաստատելով, որ մղուած պատերազմը խաղաղութեան համար է, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը կարենայ վերջնական ազատութիւն ձեռք ձգել:
«Ես համաձայն չեմ անոնց, որոնք այս տագնապը կ՛որակեն տարածքային հարց: Այս տագնապը ծագած է Համաշխարհային Ա. պատերազմի տարիներուն, երբ մեր ժողովուրդը նաեւ այլ ողբերգութիւն ապրեցաւ, երբ Օսմանեան կայսրութիւնը կոտորեց մէկուկէս միլիոն հայեր: Անկէ ետք մեր հայրենիքը կիսուեցաւ, 1921 թուականին մեր հայրենիքին մէկ մասը բռնակցուեցաւ այլ պետութեան, որ ճիշդ այդ ժամանակ ստեղծուեցաւ:
«Մինչեւ 1988-ի շարժումը հայ ժողովուրդը երբեք չէ հաշտուած այդ իրողութեան հետ եւ տարբեր քայլերու ձեռնարկած է, սակայն անոնք յաջողութեամբ չեն պսակուած:
«Արցախեան շարժման շնորհիւ մենք ազատեցանք այդ գերութենէն եւ կառուցեցինք մեր երկիրը` համամարդկային արժէքներուն համահունչ, եւ մեր նպատակը եղած է կառուցել ժողովրդավար պետութիւն: Եւ մեր ձեռքբերումները այս առումով գնահատած են տարբեր ներկայացուցիչներ, միջազգային հանրութեան տարբեր պատուիրակութիւններ: Բայց այդ յաջողութիւններուն հասած ենք մէկ ձեռքով միշտ զէնք բռնած», ըսաւ նախագահ Սահակեան:
Լրագրողներուն խնդրանքով ան նաեւ ներկայացուց իրավիճակի սրացման օրը իրենց կատարած գործողութիւնները: «Այդ օրը մենք, գտնուելով իմ աշխատասենեակիս մէջ, մինչեւ գիշերուան ժամը մէկը, քանի որ տեղեակ էինք, որ հակառակորդին կողմէ ինչ-որ շարժում կայ, ես հրաւիրեցի խորհրդակցութեան բանակի ղեկավարը, ազգային ապահովութեան ծառայութեան ղեկավարը, եւ քննարկեցինք այդ տեղաշարժը:
«Քանի որ վերջին ժամանակներուն կը գտնուէինք յաճախակի կրակի տակ` հակառակորդին կողմէ, մենք այդ գործողութիւնը ընկալեցինք իբրեւ հերթական զարգացում եւ մեր գործողութիւնները այդ առումով դասաւորեցինք` ենթադրելով, որ գործողութիւնները տեղական բնոյթ պիտի կրեն. մենք ցտեսութիւն յայտնեցինք ու մեկնեցանք հանգստանալու: Բայց եւ այնպէս բանակի հրամանատարը գնաց իր աշխատասենեակը եւ սկսաւ լրացուցիչ ուսումնասիրութիւն կատարել: Գիշերուան ժամը երեքին հակառակորդը սկսաւ լայնածիր գործողութիւններու` մեզի կարելիութիւն չտալով գնահատելու իրավիճակը: Այն պահէն, երբ ես եղայ բանակի հրամանատարութեան կողքին` ծանօթանալով ստեղծուած իրավիճակին, տուած եմ համապատասխան յանձնարարականներ»:
Վերջին դէպքերուն իբրեւ հետեւանք սահմանամերձ շրջաններուն մէջ ստեղծուած կացութեան անդրադառնալով` նախագահ Սահակեան ըսաւ, որ Արցախի մէջ նուազագոյն ընկերային պայմանները պիտի ստեղծուին` յարձակման իբրեւ հետեւանք տուժած քաղաքացիներուն համար: Ան տեղեկացուց, որ պարբերաբար կը կատարուէին խորհրդակցութիւններ, որոնց ընթացքին ան բոլորը կը յորդորէր ըլլալու զգօն: «Այս տարիները ցոյց տուած են, որ մենք կը պատերազմինք ո՛չ թէ պատերազմի, այլ խաղաղութեան համար: Այս գործողութիւնները եւս մենք այդ ձեւով կ’ընկալենք: Մենք պատրաստ ենք զոհաբերուելու, զրկանքներ կրելու, որպէսզի կարելիութիւն ունենանք վերջնական ազատութիւն ձեռք բերել», նշեց Լեռնային Ղարաբաղի նախագահը:
Պատասխանելով Սերկէյ Լաւրովի յայտարարութեան վերաբերող այն հարցումին, թէ կողմերը մօտ են պայմանաւորուածութիւններու սեղանին դրուած առաջարկներուն շուրջ համաձայնութեան գալուն, նախագահը ըսաւ. «Կը կարծեմ, թէ յարաբերական խաղաղութիւնը մինչեւ 1-2 ապրիլի գիշերը կ՛ապահովուէր նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին շնորհիւ: Սակայն, բոլոր հանդիպումներուն ընթացքին պարբերաբար լուսարձակի տակ կ’առնուէր այն իրողութիւնը, որ խաթարուած ձեւաչափի պայմաններուն մէջ կարելի չէ ղարաբաղեան տագնապի վերջնական լուծման հասնիլ»:
Միջազգային ընտանիքի կեցուածքներուն անդրադառնալով` նախագահ Սահակեան նշեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի ղեկավարութիւնը կը փափաքի, որ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը Արցախին սեւեռուած ըլլայ ո՛չ միայն պատերազմական գործողութիւններուն ընթացքին, այլեւ ընդհանրապէս:
«Մենք դժգոհ ենք միջազգային հանրութեան առաքելութենէն, քանի որ ստեղծուած է անհասկնալի անջրպետ Արցախի եւ արտաքին աշխարհին միջեւ: Մենք ընտրած ենք այս ուղին, այս ինքնուրոյն, մեր սեփական ճակատագիրը կառուցելու ուղին ժողովրդավարական սկզբունքներուն համաձայն` դիմում ներկայացնելով միջազգային հանրութեան, որպէսզի ըլլանք անոր լիիրաւ անդամ», շեշտեց նախագահը:
Մինսքի խմբակի առաքելութեան արդիւնաւէտութեանն ու բանակցութիւններու ձեւաչափին մասին խօսելով` նախագահ Սահակեան ըսաւ. «Ես բազմիցս կարելիութիւն ունեցած եմ գնահատական տալու Մինսքի խմբակի համանախագահներուն աշխատանքին, ո՛չ միայն գնահատական տուած եմ, այլ նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած եմ անոնց ջանքերուն համար: Բայց եւ այնպէս անոնց հետ հանդիպումին ընթացքին ես դժգոհութիւն պիտի յայտնեմ, որ կարելի չէ տագնապը լուծել խանգարուած ձեւաչափի պայմաններու լոյսին տակ: Որեւէ առաջարկ, նախաձեռնութիւն, քանի դեռ չ՛իրականացուիր Լեռնային Ղարաբաղի պաշտօնական մասնակցութեամբ, չի կրնար յաջողութեան հասնիլ», հաստատեց նախագահ Սահակեան:
Ըստ անոր, 1994 թուականի զինադադարի համաձայնագիրով Լեռնային Ղարաբաղը բանակցող կողմ է, եւ այդ փաստաթուղթին ուժը չէ կորսուած: Այս վերջին իրադարձութիւնները հիմք կը հանդիսանան միջազգային հանրութեան համար` վերանայելու բանակցութիւններու ձեւաչափը` Արցախը դարձնելով բանակցային լիարժէք կողմ:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Հայաստան բաւարար չափով չի՞ պաշտպաներ Արցախի շահերը բանակցային գործընթացին մէջ` նախագահը ըսաւ. «Ատիկա կապուած չէ Հայաստանի նկատմամբ մեր անվստահութեամբ` բանակցային գործընթացին մէջ մեր շահերը պաշտպանելու առումով, երբ հանդէս կու գանք իբրեւ կողմ հանդէս գալու առաջարկով եւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովը օրէնսդրօրէն ամրագրած է, որ Հայաստան Արցախի անվտանգութեան երաշխաւորն է: Սակայն աշխարհի մէջ նման բան չկայ, որ որեւէ տագնապ քննարկուի առանց տագնապի անմիջական կողմի: Եւ այս տագնապը նախապէս երկու կողմի միջեւ եղած է, յետոյ Ազրպէյճան կրցաւ ներգրաւել Հայաստանը` իբրեւ կողմ»:


