Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

April 6, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի դէմ Ազրպէյճանի շղթայազերծած պայքարին զուգահեռ, անցնող օրերուն թշնամիին կողմէ ծայր առած է նաեւ հակահայ քարոզչական հերթական արշաւ մը` արցախեան հիմնահարցը խեղաթիւրելու, անոր էութիւնը բովանդակազրկելու, ինչպէս նաեւ ղարաբաղեան կողմը նախայարձակ ներկայացնելու կազմակերպուած սադրանքով:

Այս իմաստով լիբանանեան հանրային կարծիքին անհրաժեշտ պարզաբանումները  կատարելու եւ լիբանանեան ու ընդհանրապէս արաբական մամուլին մէջ հարցերու առարկայական արձագանգում ապահովելու համար, ՀՅԴ Քարոզչական տեղեկատու գրասենեակը արդէն կը տանի նպատակաուղղուած աշխատանք` ազրպէյճանական եւ թրքական հակաքարոզչութեան դէմ օտար եւ տեղական մամուլին մէջ անհրաժեշտ լուսաբանումները եւ պարզաբանումները փոխանցելու համար: Արբանեակային լրատու կայաններու հետ ալ պէտք եղած կապերը ստեղծուած են:

Այս կարեւոր առաջադրանքէն մեկնած, նախաձեռնութեամբ տեղեկատու գրասենեակին, երկուշաբթի, 4 ապրիլի երեկոյեան «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանի լրագրական խումբը գործուղուեցաւ Ղարաբաղ` տեղւոյն վրայ, սահմանային բախումի վայրերէն թղթակցութիւններ եւ տեղեկատուութիւններ կատարելու համար: Նոյն նպատակով, այսօր Ղարաբաղ ուղղուեցաւ նաեւ «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանի լրագրական խումբը:

Լրագրական այլ խումբերու գործուղումները պիտի շարունակուին յառաջիկայ օրերուն ընթացքին:

Յայտնենք, որ ընկերային ցանցերու վրայ Քարոզչական գրասենեակի եւ երիտասարդական ու ուսանողական միաւորներու միացեալ գործունէութեամբ ծրագրաւորում կատարուած է եւ աշխատանքները կ՛ընթանան ճշդուած ուղղուածութեամբ` առաջքը առնելու համար ազրպէյճանական խեղաթիւրումներուն:

Այս առիթով վստահ ենք, որ մեր ժողովուրդը եւ յատկապէս երիտասարդութիւնը ուշադիր կ՛ըլլան ազրպէյճանական քարոզչութեան ծուղակին մէջ չիյնալու իմաստով եւ մի՛շտ կը ստուգեն որեւէ տեղեկութեան սկզբնաղբիւրը:

ՀՅԴ ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

5 Ապրիլ 2016

 

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

«Ազգային Միասնականութիւն Ու Ղարաբաղի Զօրակցութիւն` Մղիչ Ուժը Պէտք Է Դառնան Հայ Ժողովուրդին» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.