Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

Ապրիլ 6, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակը խստիւ կը դատապարտէ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարին կատարած այն յայտարարութիւնը, որուն հիման վրայ կը պահանջուի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութենէն հայկական ուժերուն անմիջական հեռացումը, ինչպէս նաեւ այն պահանջը, որ անհրաժեշտ է անյապաղ քաղաքական լուծման մը յանգիլ` ապահովելու համար Ազրպէյճանի կայունութիւնը:

Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան յայտարարութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը կը համակեն կրօնական բնոյթով, ինչ որ իրականութիւն չէ:

Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակը կտրականապէս կը մերժէ այս մօտեցումը եւ արաբական ու տեղական լրատուամիջոցներուն կոչ կ՛ուղղէ ըլլալու առարկայական, հեռու կրօնական յայտարարութիւններէ, ինչպէս նաեւ ապատեղեկատուութենէ եւ տագնապը վատթարացնող լրագրական վերլուծումներէ:

Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակը կոչ կ՛ուղղէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իրադարձութիւններուն մասին լրատուութիւն կատարելու պարագային վստահելի աղբիւրներ օգտագործել, ինչպէս նաեւ լուրին ճշգրտութիւնը ստուգել նախքան անոր հաղորդումը կամ հրապարակումը:

Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակը կը դատապարտէ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դէմ սանձազերծուած ազրպէյճանական յարձակումները` զանոնք նկատելով աննախընթաց վտանգաւոր դէպքեր:

Ազրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ բնակչութեան դէմ գործուած այս ռմբակոծումները 1994-ի զինադուլէն ի վեր ամէնէն վտանգաւորը եղած են: Անհրաժեշտ է յիշել նաեւ, որ Ազրպէյճան նախորդ տարիներուն ընթացքին մնայուն կերպով խախտած է զինադուլը` մերթ կրակոցներով, մերթ ռմբակոծելով սահմանամերձ շրջանները:

Պաքուի կողմէ շղթայազերծուած բռնարարքները շատ վտանգաւոր են, որովհետեւ անոնք կը վայելեն Թուրքիոյ զօրակցութիւնը: Այս շրջագիծին մէջ կ՛իյնան Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուի եւ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի կողմէ յայտնուած բացայայտ պատրաստակամութիւնը, թէ Թուրքիա պատրաստ է Ազրպէյճանին զօրակցելու Հայաստանի դէմ: Ընդվզեցնող նմանատիպ յայտարարութիւնները միշտ ալ հնչած են, եւ նորութիւն չէ, որ Թուրքիա մնայուն կերպով զօրակցած է իր դաշնակից Ազրպէյճանին` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին առաջին օրէն իսկ: Այս շրջագիծին մէջ, Թուրքիա 1993-էն ի վեր միակողմանի կերպով փակած է Հայաստանի հետ իր սահմանը եւ այդ ընթացքը կը շարունակէ Հայաստանի դէմ քաղաքական ճնշում բանեցնելու եւ զայն մղելու Լեռնային Ղարաբաղի բանակցութեանց ծիրին մէջ զիջումներ կատարելու:

Ընդվզեցուցիչ այս յայտարարութիւնները եւ թրքական թշնամական կեցուածքները, յատկապէս շրջանը յուզող ներկայ պայմաններուն մէջ, պիտի սրեն կացութիւնը եւ Կովկասի մէջ բռնկեցնեն պատերազմ ու արիւնահեղութիւն: Ըստ երեւոյթին, Պաքու եւ անոր դաշնակից Թուրքիան կ՛ուղղուին դէպի մագլցողական յաւելեալ քայլերու որդեգրում, ինչ որ միջազգային ընտանիքին կը պարտադրէ որդեգրելու այնպիսի քայլեր, որոնց իբրեւ արդիւնք վերջ կը տրուի բռնարարքներուն եւ վերադարձ կը կատարուի դէպի բանակցային հոլովոյթ` տագնապի խաղաղ լուծման նպատակով:

Ի վերջոյ, Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակը կը շեշտէ, որ անընդունելի է վերադառնալ 1988-էն առաջ տիրող կացութեան: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը իր անկախութիւնը հռչակած է ժողովրդային հանրաքուէով, եւ անիկա պատմականօրէն հայկական հող է, որուն բնակչութեան մեծամասնութիւնը հայեր են: Նշենք, որ 1923-ին Ստալինի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի բռնակցումը Ազրպէյճանին պատմական կոպիտ սխալ մըն էր, որուն հետեւանքները տակաւին կը կրեն իրերայաջորդ սերունդները եւ իրենց կեանքով ու ունեցուածքով սուղ կը վճարեն գործուած այդ սխալին գինը:

ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

 

 

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Ազրպէյճանի Հոգեւոր Առաջնորդը Կրկին Մեղադրանքներ Հնչեցուցած Է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հասցէին
Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճանի Հոգեւոր Առաջնորդը Կրկին Մեղադրանքներ Հնչեցուցած Է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հասցէին

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ալիեւ. «Հայաստանի Հետ Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Նախաստորագրումը Հարաւային Կովկասը Պիտի Վերածէ Խաղաղութեան Տարածքի»
Հայկական

Ալիեւ. «Հայաստանի Հետ Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Նախաստորագրումը Հարաւային Կովկասը Պիտի Վերածէ Խաղաղութեան Տարածքի»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Սուրիոյ Մէջ Հայաստանի Նոր Դեսպանը Իր Հաւատարմագիրները Յանձնեց Շիպանիին
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիոյ Մէջ Հայաստանի Նոր Դեսպանը Իր Հաւատարմագիրները Յանձնեց Շիպանիին

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?