Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

54 Քոնկրեսականներ Կոչ Կ՛ուղղեն Օպամային Ճնշում Բանեցնելու Ալիեւի Վրայ

April 1, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Royce_33116

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի Միացեալ Նահանգներ այցելութեան նախօրեակին, 54 քոնկրեսականներ կոչ ուղղած են նախագահ Պարաք Օպամային, որ քոնկրեսականներ Ռոյսի եւ Շըրմընի կողմէ Արցախի մէջ զինադադարը պահպանելու նպատակով ներկայացուած առաջարկները գործադրելու համար ճնշում բանեցնէ Ալիեւի վրայ:

Նշենք, որ Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի ատենապետ Էտ Ռոյս եւ նոյն յանձնախումբի անդամ Պրետ Շըրմըն քանի մը շաբաթ առաջ նամակով մը կոչ ուղղած էին Օպամային, որ Ալիեւի հետ իր հանդիպման ընթացքին պահանջէ Պաքուէն վերջ դնել Արցախի մէջ խաղաղութիւն հաստատել միտող Ռոյսի եւ քոնկրեսական Էլիըթ Էնկըլի առաջարկներու գործադրութեան խոչընդոտման:

Ռոյսի եւ Շըրմընի նամակին մէջ դարձեալ կը յիշուին Ռոյսի եւ Էնկըլի կողմէ անցեալ տարի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան յղուած նամակին պայմանները, որոնց նպատակն էր հայ-ազրպէյճանական սահմանի շփման գիծին վրայ զինադադարի պահպանման ապահովումը:

Ռոյս եւ Շըրմըն եւս լուսարձակի տակ առած են այդ առաջարկները` որոշ յաւելումներով: Նոր առաջարկներն են`

– Արձակազէններու եւ ծանր զէնքերու հեռացումը շփման գիծէն, միաժամանակ յաւելեալ զէնքեր չտեղադրել:

– ԵԱՀԿ-ի հսկողութեան տակ գտնուող եւ յարձակումներու պատասխանատուն բացայայտելու նպաստող սարքերու տեղադրում:

– ԵԱՀԿ-ի յաւելեալ դէտերու հաստատում սահմանին վրայ, զինադադարի պայմաններու գործադրութեան լաւապէս հսկելու նպատակով:

Հայաստան եւ Արցախ արդէն իսկ համաձայնութիւն յայտնած են այս պայմաններուն:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը այս նպատակով քոնկրեսականներուն նամակ գրելու արշաւի մը նախաձեռնած էր եւ հանդիպումներ ունեցած Ռոյսի, Շըրմընի եւ շարք մը այլ քոնկրեսականներու ու անոնց ներկայացուցիչներուն հետ:

 

Նախորդը

«Բրիտանիա 19,8 Միլիոն Սթերլինկի Օժանդակութիւն Կը Տրամադրէ Լիբանանեան Բանակին, Իսկ Գաղթականները Ժամանակաւոր Հիւրեր Են» Շեշտեց Հեմընտ

Յաջորդը

Ուաշինկթըն Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ Հարցին Նկատմամբ Մտահոգութիւն Յայտնած Է Թրքական Իշխանութիւններուն

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.