Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անգարայի Մէջ Պելճիքայի Դեսպանը Կանչուած Է Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

March 22, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մեւլութ Չաւուշօղլու
Մեւլութ Չաւուշօղլու

Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Պելճիքային պաշտօնական բողոք ներկայացուցած է Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուի Պրիւքսէլ այցելութեան ընթացքին քաղաքի կեդրոնը Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) վրան կանգնեցնելու տեղական իշխանութիւններուն կողմէ տրուած արտօնութեան դէմ:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու այս հարցով հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Պելճիքայի փոխվարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար Տիտիէ Ռէյնտերսի հետ:

Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Չաւուշօղլու անթոյլատրելի նկատած է «Պելճիքայի մայրաքաղաքին մէջ ահաբեկչական ՔԱԿ-ի կողմէ վրանի տեղադրումը»: Ան նշած է, որ Եւրոպական Միութեան կեդրոնին մէջ այդպիսի արարք որեւէ կապ չունի հաւաքներ կատարելու ազատութեան իրաւունքին հետ` աւելցնելով, որ «ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ երկակի չափանիշները անընդունելի են»:

Նոյն հարցով, Անգարայի մէջ Պելճիքայի դեսպան Մարք Թրոնթուզու կանչուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր անոր փոխանցած են Թուրքիոյ բողոքը:

Թուրքիոյ վարչապետը Եւրոպական Միութեան ղեկավարներու հետ բանակցութիւններու համար ուրբաթ, 18 մարտին մեկնած էր Պրիւսքէլ: Այդտեղ գտնուող պանդոկին առջեւ ՔԱԿ-ը վրան դրած էր` փակցնելով ՔԱԿ-ի դրօշներն ու ղեկավարներու լուսանկարները` բողոք յայտնելով քիւրտերուն դէմ թրքական իշխանութիւններու վարած քաղաքականութեան նկատմամբ:

ՔԱԿ ՕԹԱՆ-ի, Եւրոպական Միութեան, Թուրքիոյ եւ շարք մը այլ երկիրներու կողմէ ճանչցուած է իբրեւ ահաբեկչական կազմակերպութիւն: ՄԱԿ, Չինաստան, Ռուսիա, Զուիցերիա, Հնդկաստան եւ Եգիպտոս ՔԱԿ-ը չեն նկատեր ահաբեկչական կազմակերպութիւն:

 

Նախորդը

Սէուտական Կառավարութիւնը Յոյս Կը Յայտնէ, Որ Ռուսական Ուժերու Հեռացումը Ասատին Ստիպէ Զիջումներ Կատարելու

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներ Փութինէն Խնդրած Են Հանդիպում Ունենալ Քերրիի Հետ

RelatedPosts

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի  Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի  Գումարումը Կը Հաստատէ
Միջազգային

Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի Գումարումը Կը Հաստատէ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.