Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան – Ամերիկեան Համալսարանի Պէյրութի Մասնաճիւղ. Միօրեայ «Լիթըլ Արմենիա» Մշակութային Փառատօնով Հայկական Մշակոյթը Եւ Ժառանգութիւնը Ներկայացուեցան

March 22, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

LAU_31816

Ուրբաթ, 18 մարտ 2016-ին` Լիբանանեան – ամերիկեան համալսարանի Պէյրութի մասնաճիւղին մէջ տիրող մթնոլորտը սովորական չէր: Համալսարանի Հայկական ակումբը, կէսօրուան ժամը 12:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 10:00 տեւած հայկական մշակութային փառատօնով մը յաջողեցաւ համալսարանին մէջ հայկական մտերմիկ մթնոլորտ մը ստեղծել: Փառատօնը կը կրէր «Լիթըլ Արմենիա» (Փոքր Հայաստան) վերնագիրը եւ անոր մասնակցեցան թէ՛ ուսանողներ, թէ՛ ալ արտահամալսարանական այցելուներ: Ձեռնարկը ինչպէս զուարճանալու, նոյնպէս ալ զարգանալու եւ հայ մշակոյթին, պատմութեան եւ հայութեան առնչուող ընդհանուր տեղեկութիւններու մասին  հետաքրքրական ու իւրայատուկ գիտելիքներու ծանօթանալու առիթը ընծայեց հայ թէ օտար այցելուներուն. ատիկա աչքառու էր համալսարանի տարածքին զետեղուած բազմաթիւ ցուցատախտակներով եւ ձեռային աշխատանքներով, որոնք պատրաստուած էին հայ ուսանողներուն կողմէ:

Բացի հարուստ բովանդակութիւն ունեցող այդ ցուցատախտակներէն, հայ ուսանողները յաջողած էին հայ մշակոյթը ներկաներուն հասանելի դարձնել նաեւ զանազան գործնական եւ հաճելի միջոցներով, ինչպէս` խելացի խաղերով, հայկական աւանդական ճաշերով, ազգագրական պարի դասընթացքով, նուագով, գծագրութեամբ եւ այլն:

ՊԷտք է յիշել, որ փառատօնին իրենց գնահատելի մասնակցութիւնը բերին «Պատկեր» ճաշարանը` իր ուտեստեղէններով ու ձեռարուեստով, «Փուռ Իշխանեան»-ը, «Առ.Էնտ.Էլ.» խոհանոցը, «Ափրիքոթ» հայկական խմիչքներու խանութը, նորակազմ հայկական «Միհրան» նուագախումբը, արուեստագէտ Սիրուն Սարեան` տեղւոյն վրայ իր արտադրած խորհրդաւոր գծագրութեամբ (որ մինչեւ 24 ապրիլ 2016 պիտի ցուցադրուի համալսարանին մէջ), եւ ուրիշ շարք մը հաստատութիւններ:

«Փոքր Հայաստան» փառատօնը յատուկ առիթ մը եղաւ համալսարանի կարգ մը` սխալ հանրային կարծիք կազմած շրջանակներուն ցոյց տալու, թէ հայութիւնը չ՛առնչուիր միայն Ցեղասպանութեան, այլ նաեւ կ՛արժեւորուի իր հարուստ մշակոյթով:

Նախորդը

Նահատակ Հերոսներու Յիշատակը Կը Յարգուի Յատուկ Հանդիսութեամբ

Յաջորդը

ՀՅԴ ԶՈՄ-ԶՈԳ. Աշխատանքի Ընդունուելու Համար «Սի. Վի.»-Ներու, «Քավըր Լեթըր»-ներու Եւ Հարցազրոյցներու Պատրաստութեան Յատուկ Աշխատանոց

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.