Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անգարա Փորձած Է «Հայացնել» Նաեւ Տինքը Սպաննողները

March 12, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Dink_31116

«Էրմենիհապեր» կը հաղորդէ, որ «Ակօս» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան առիթով յարուցուած քրէական գործով նոր մանրամասնութիւններ ի յայտ եկած են վերջերս: Արդարեւ, «Ակօս» կը գրէ, թէ փաստաթուղթէ մը պարզ դարձած է, որ սպանութենէն անմիջապէս ետք, Թուրքիոյ հետախուզական մարմինները ուսումնասիրութիւն կատարած են` գիտնալու համար, թէ արդեօք Տինքի սպանութեան մէջ մեղադրուող անձեր հայկական ծագում ունի՞ն:

Ոճիրէն միայն 5 օր ետք թուագրուած, սակայն միայն 2015-ի հոկտեմբերին դատին կցուած այս փաստաթուղթը կը վկայէ այն մասին, որ սպանութիւնը իրագործած Օկիւն Սամասթի եւ պատուիրատու Եասին Հայալի ծագման վերաբերեալ ուսումնասիրութիւն կատարուած է պետական արխիւներուն մէջ` հասնելով մինչեւ 1900-ականներու սկիզբ: Պարզուած է, որ վերոնշեալ անձերու տոհմերուն մէջ «հաւատափոխ» կամ «ոչ իսլամ» ոեւէ մէկը չէ եղած:

«Ակօս» նկատել կու տայ, որ սոյն ուսումնասիրութիւնը կը յառաջացնէ շատ կարեւոր, սակայն անպատասխան հարցադրումներ, որոնց շարքին են հետեւեալները.

Արդեօք թրքական պետական հետախուզական մարմինները իւրաքանչիւր յանցագործութեան պարագային կ՛ուսումնասիրե՞ն յանցագործին ծագումնաբանութիւնը, թէ այդ կ՛ընեն միայն այն ատեն, երբ յանցագործութեան թիրախը հայերն են:

Վերոնշեալ տեղեկութիւնը կը վկայէ, որ պետութիւնը ունի իւրաքանչիւր քաղաքացիի տոհմածառի քանի մը սերունդներուն վերաբերեալ համապարփակ տուեալներու արխիւ: Այդ տեղեկութիւնները ուրիշ ո՞ւր եւ ի՞նչ նպատակներով կ՛օգտագործուին:

Անցեալ շաբաթ յայտարարուած էր, թէ ազգային փոքրամասնութիւններու դպրոցներուն մէջ հաշուի առնուող ազգային գաղտնաթիւը արդէն իսկ վերցուած է պետական համակարգէն: Կարելի՞ է լրջօրէն հաւատալ այս պնդումին:

Ի՞նչ նպատակով իրականացուած է մեղադրեալներուն տոհմի ուսումնասիրութիւնը: Արդեօք եթէ պարզուէր, թէ յանցագործները եւս հայեր էին, պետութիւնը Տինքի սպանութիւնը պիտի վերագրէր հայկական սփիւռքի՞ն:

 

Նախորդը

Համալսարաններու Ապաքաղաքականացման Հարցը Կարելի Է Լուծել Միայն Համապատասխան Օրէնքի Ընդունման Պարագային

Յաջորդը

Ռուսիա Կ՛օժանդակէ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.